ԱՄՆ երկու քոնկրէսականներ միացած են շփման գծին բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչ ընող նամակին

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ֆլորիտա նահանգի ներկայացուցիչներ Գաս Բիլիրակիսը եւ Թեդ Դոյչը միացած են ղարաբաղա ատրպէյճանական շփման գծին բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչ ընող նամակին, որ այս շաբաթ կ’ուղարկուի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին:
Ինչպէս Armenpress-ին տեղեկացուցին ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբէն, քոնկրէսականները ստորագրած են նամակը, զոր շրջանառութեան մէջ դրած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսը եւ քոնկրէսական Էլիոթ Էնգելը: «Երբ բռնութիւնը եւ վայրնգութիւնը կը սկսին օրինաչափութիւն դառնալ պատմականօրէն անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ, մենք` իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնորդներ, պէտք է խիստ ըլլանք եւ կանխենք յետագայ բռնութիւնները եւ հնարաւոր ռազմական գործողութիւնները: Ահա թէ ինչու ես միացայ իմ գործընկերներու նամակին` ուղղուած Ճէյմս Ուորլիքին, որով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կոչ ուղղուած է ապահովել հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորումը: Տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար հարկաւոր է որքան հնարաւոր է արագ վերջ դնել Ատրպէյճանի վայրագութեան, ըսած է Բիլիրակիսը: ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Գաս Բիլիրակիսին եւ Թեդ Դոյչին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աճող բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչին միանալու համար:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսը եւ Էլիոթ Էնգելը քոնկրէսական գործընկերներուն յորդորած էին միանալ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին խաղաղութեան պահպանման գործի մէջ ԱՄՆի առաջնորդութեան վերականգնման կոչին: Քոնկրէսականները նամակ հասցէագրած են Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահին` առաջարկելով երեք քայլէ բաղկացած իրենց ծրագիրը: Քայլերէն առաջինն է` շփման գիծէն հետ քաշած բոլոր դիպուկահարներուն:
Բացի այդ, Ռոյսն ու Էնգելը կոչ կ’ընեն աւելցնել շփման գիծինմ իրադրութեան հետեւող ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյն կազմակերպութեան հովանիի ներքոյ ճակատային գծին յատուկ տեխնիկական միջոցներ տեղադրել, որոնք կը տեսագրեն եւ կը ձայնագրեն տեղի ունեցող ողջ տեղաշարժը: