Ատրպէյճանցիի սպանութեան համար ցմահ դատապարտուած Սողոմոն Քոչարեան ազատ արձակուեցաւ

Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան զգայուն որոշում կայացուց, համաձայն որուն` իրանահպատակ ատրպէյճանցիի սպանութեան համար ցմահ ազատազրկման դատապարտուած ազատամարտիկ Սողոմոն Քոչարեան հիւանդութեան հիմքով վաղաժամ ազատ արձակուեցաւ: Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:

Ցաւօք, Սողոմոն Քոչարեան անձամբ չլսեց երկար սպասուած որոշումը, քանի որ 2 ամիս է, որ ծանր վիճակի հիւանդանոցի մէջ է: Ան կը տառապի սրտի իշեմիկ հիւանդութեամբ` 4-րդ աստիճանի սրտային անբաւարարութեամբ, ունի յետինֆարկտային քրօնիկ ծաւալ, հիւանդ է նաեւ արիւնազեղիչ թոքաբորբով: Այս հիւանդութեամբ ան ենթակայ է պատիժէն ազատման` համաձայն կառավարութեան 825-ն որոշմամբ հաստատուած` պատիժի կրման հետ անհամատեղելի հիւանդութիւններու ցանկին:

Քոչարեան ներկայիս կը գտնուի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի սրտաբանական բաժանմունքին մէջ:

Ան մահապատիժի  դատապարտուած էր 1995-ին` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիի Հայաստանի մէջ սպաննելու համար, սակայն յետոյ պատիժը փոխարինուած էր ցմահ ազատազրկմամբ:

Scroll Up