Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններու աշխատանքներու բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու գեղանկարիչներ Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններու աշխատանքներու «Կամուրջ» բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի հանդիսաւոր բացման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակէն:
Ցուցահանդէս-վաճառքի ողջ հասոյթը կը տրամադրուի ՀԲԸ Միութեան սուրիահայութեան օգնութեան ծրագիրներուն:
Բացման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ 2015 թ.-ի Հոկտեմբեր 22-ին, ժամը 18:00-ին, Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններու արուեստանոց-ցուցասրահին մէջ (Հասցէ` Թումանեան 2-րդ փակուղի, տուն 9):