Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յովհաննէս Հելվաճեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք Քրիսթին Սրապոնեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Թատերախաղը կը խօսէր 23-24 տարեկան քահանայ հօր` Տէր Յուսիկի մասին, որ ի պաշտօնէ գիւղ մը կ՛երթայ եւ հոն ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ յեղափոխական շարժում մը ստեղծել: Սակայն Հայրապետ անունով թաղական մը դէմ դնելով, զինք կը վտարէ գիւղէն: Քահանան հետագային կը ձերբակալուի, բաւական չարչարանքներու կ՛ենթարկուի եւ կ՛աքսորուի: Կը ձերբակալուի նաեւ Հայրապետը, սակայն երկուքն ալ յետոյ ազատ կ՛արձակուին: Հայրապետը դարձի գալով, կը գտնէ Տէր Յուսիկը եւ քովը երթալով ներում կը հայցէ անկէ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած «ժամուցը» իրեն կու տայ, որպէսզի զէնք եւ զինամթերք գնէ: Տէր Յուսիկ զայն կ՛անուանէ «Կարմիր ժամուց»:
Երկու աշխարհներ բաժնած էին բեմը. գիւղական տեսարանը, որ կը ներկայացնէր քահանայ հօր ապրած կեանքը մանուկ հասակին եւ գիւղական մթնոլորտը, եւ թաղականութեան սենեակը:
Թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Մանուէլ Թոքմաքճեան, Յակոբ Սրապոնեան, Աղասի Տէրտէրեան, Կրեկուար Սարեան, Եւա Պոյաճեան, Մայքըլ Գուտուզեան, Ժիւլիեթ Պաղամեան, Մաթէոս Պաղամեան, Եւա Պոյաճեան, Արփի-Մելանի Սարեան, Փաթրիք Օղուլեան, իսկ Քրիսթին Սրապոնեան մերթ ընդ մերթ բեմին վրայ կը կարդար գիրքէն հատուածներ` հանդիսատեսները իրազեկ դարձնելով դէպքերուն:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: