«Թրքական հանրապետական կուսակցութիւնը» երկխօսութեան մէջ մտած է կիպրահայ համայնքին հետ

Կիպրոսի Հայ ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները հանդիպում  ունեցած են Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան «Թրքական հանրապետական կուսակցութեան» արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղար Մուհիթթին Թոլկա Օզսաղլամի հետ:

«Թրքական հանրապետական կուսակցութեան» գլխաւոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման հայկական կողմէն մասնակցած են Հայ ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ Սիմոն Այնէճեան եւ Վարդենի Գասպարեան: Սիմոն Այնէճեանը նաեւ «Կիպրահայեր» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է:

Ըստ թրքական «gundemkibris.com» լրատուական կայքի` թրքական Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ամենաշատ լիազօրութիւն ունեցող կուսակցութեան ներկայացուցիչը ըսած է, որ իրենց կուսակցութիւնը ըմբռնումով կը վերաբերին կղզիին մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն եւ անոնց առաջնային կարեւորութեան հարցերուն, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպման Օզսաղլամ յայտնած է, որ իրենք պատրաստակամ են յառաջիկային եւս շարունակելու երկխօսութիւնը հայ համայնքին հետ:

 

Scroll Up