Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէս Թիֆլիսի մէջ

Հոկտեմբեր 16-17 Վրաստանի Հայ համայնքի աջակցութեամբ Թիֆլիսի Խորհրդարանի Գրադարանի Մեծ սրահին մէջ կայացաւ թիֆլիսահայ մանրանկարչուհի Գոհար Յակոբեանի մանրանկարներու երկօրեայ ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էին հասարակական, մշակութային գործիչներ, Վրաստանի մէջ ՀՀ փոխդեսպանը, վրացի արուեստագէտներ, մշակութային գործիչներ, հայ եւ վրացի ուսանողներ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը  տեղեկացնեն Վրաստանի հայ համայնքէն:

Գոհար Յակոբեան ծնած է Թիֆլիսի մէջ: Մանկութիւնը անցած է թիֆլիսեան հին թաղամասի` Արծաթեայ փողոցին մէջ, Սբ.Նշանի բակը: Մայրական գիծով անոր նախնիները Ղարսէն են, Փալտաւան գիւղէն:

«Ես կրթութեամբ նկարչուհի չեմ: Նկարած եմ 3 տարեկանէս: Թէկուզ եւ ամբողջ կեանքիս մէջ չեմ զբաղած նկարչութեամբ, բայց այն միշտ եղած է  հետս: Իմ առաջին առնչութիւնը մանրանկարչութեան հետ սկսած է  ձեռագիր մատեանէ մը, որ գրուած եղած է 1288թ. Արճէշ գիւղին մէջ` Վանէն ոչ հեռու: Այն գտած էր պապիկիս ընտանիքը, տուն կառուցելու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, կաշուէ տոպրակի մէջ պահած: 1971 Մատենադարանէն պատուիրակութիւն կու գայ ուսումնասիրելու այդ ձեռագիրը: Փող   կ’առաջարկէին, բայց իմ տատիկս կ’ըսէր. «Երեխաներս տարէ՛ք, գիրքը չեմ տար»: Ես, ի հա՛րկէ, իմ աշխատանքներուս մէջ կը հետեւիմ միջնադարեան մանրանկարչութեան ընդհանուր սկզբունքներուն, բայց միաժամանակ իմ գործերս շատ ինքնուրոյն են, ես գտած եմ իմ ոճս, քանի որ միայն նկարներ պատճէնելով մանրանկարչութիւնը չի կրնար զարգանալ», -«Միութեան» հետ զրոյցին  ըսաւ Գոհար Յակոբեան:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Վրաստանի Հայ համայնքի նախագահ Սամուէլ Մկրտչեան, յայտնի վրացի արուեստագէտ Նինօ Քաւթարիան եւ ինք` մանրանկարչուհի Գոհար Յակոբեան:

«Ցեղասպանութիւնը  սարսափելի բան մըն էր, որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին հետ, եւ այն բաւականին ետ մղեց հայկական մշակոյթի զարգացման ընթացքը: Ես շատ սիրեցի  տիկին Գոհարի աշխատանքները, ես անոնց մէջ ինքնուրոյնութիւն նկատեցի, գեղեցիկ գունային ներդաշնակութիւն: Լաւ է, որ նման մշակութային ձեռնարկներ կ’իրականացուին, որոնք կը խթանեն երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը դէպի արուեստ», -«Միութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Վրաստանի Ձեռագիրներու Ազգային Կեդրոնին կից Արուեստի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար, արուեստագիտութեան դոկտոր Նինօ Քաւթարիան:

Ցուցահանդէսի աւարտին զրուցեցինք ձեռնարկի կազմակերպման պատասխանատու Լուսինէ Աստոյեանի հետ. «Տիկին Գոհարը մեր համայնքի բաւականին աշխոյժ անդամներէն մէկն է: Մենք սիրով համաձայնեցանք ստանձնել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս ձեռնարկի նախապատրաստական աշխատանքները: Պէտք է նշեմ, որ տիկին Գոհար տաղանդաւոր նկարչուհի ըլլալէ բացի, նաեւ շատ հետաքրքիր անձնաւորութիւն է, բոլորիս համար շատ հաճելի էր անոր հետ աշխատիլը, կը կարծեմ` ձեռնարկը կարելի է համարել յաջողած», -ըսաւ թիֆլիսահայ ուսանողուհի Լուսինէն:

 

Scroll Up