Նինոծմինտայի շրջանի Հեշտեայ գիւղին մէջ նշուեցաւ մեծանուն բանաստեղծ Վիքթոր Յովսէփեանի բանաստեղծութեան օրը

Հոկտեմբեր 17-ին Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան  Հեշտեայի գիւղին մէջ նշուեցաւ մեծանուն բանաստեղծ Վիքթոր Յովսէփեանի բանաստեղծութեան օրը: Բազմաթիւ հիւրեր եկած էին Հեշտեայ գիւղ` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց սիրելի Վիքթոր Յովսէփեանին եւ մէկ անգամ եւս վերյիշելու անոր հիասքանչ ստեղծագործութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ  akhaltskha.net-էն:

Ձեռնարկը մեկնարկեց Հեշտեայի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Պատարագով, որմէ յետոյ հիւրերը եւ Յովսէփեանի հարազատները այցելեցին անոր շիրիմը, այնուհետ եղան բանաստեղծի տուն թանգարանին մէջ: Բացի ատկէ տեղի ունեցան գեղեցիկ տօնական ձեռնարկներ, ինչպէս անոր անուան հանրային դպրոցին մէջ, այնպէս ալ գիւղի մշակոյթի տան մէջ:

 

Scroll Up