Ցեղասպանութեան բանաձեւը` Թուրքիոյ հետ փոխզիջման հասնելու յաղթաթուղթ. Sozcu

Կայացած  է Գերմանիոյ վարչապետ Անգելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը Անգարայի մէջ: Թրքական «Haberturk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ`  դռնփակ պայմաններու մէջ  իրականացուած հանդիպումէն յետոյ համատեղ մամլոյ ասուլիս հրաւիրուած է:

Էրտողան յայտարարած է, որ հանդիպման քննարկուած են Թուրքիոյ եւրոանդամակցութեան վերաբերող խնդիրներ: «Ես յատկապէս խնդրեցի Գերմանիային, Ֆրանսային, Անգլիային, Սպանիային եւ նման միւս երկիրներուն` այս հարցով աջակցութիւն ցուցաբերել մեզի»,- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` նշած է Էրտողան:

Իսկ Մերքելն իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ  ընթացած է: Գերմանիոյ վարչապետը նշած է, որ հանդիպման առանցքային թեմաներէն եղած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու փախստականներու խնդիրները: Ըստ անոր` բոլոր հարցերը քննարկուած են  «փոխադարձ շահի» ծիրէն ներս եւ որոշակի «փոխհամաձայնութիւն  ձեռք բերուեած է»:
«Եկանք այն ընդհանուր եզրակացութեան, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ պէտք է աւելի սերտ ու աշխոյժ համագործակցութիւն ձեւաւորել: Կրնամ ըսել, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ վիզաներու համակարգի, փախստականներու ետ ընդունման պայմանագրի շուրջ»,- ըսած է Մերքել:

Նշենք նաեւ, որ աւելի վաղ թրքական ընդդիմադիր «Sozcս» պարբերականի կայքը լուր  հրապարակած էր այն մասին, թէ փախստականներու խնդիրի կարգաւորման գործին մէջ Էրտողանը «համոզելու» նպատակով Մերքելն իր հետ Թուրքիա տարած է  «Հայկական եւ քրտական հարցերու փաթեթները»` մանրակրկիտ մշակուած գերմանացի քաղաքագէտներու կողմէ»: Ըստ նոյն աղբիւրի` մասնաւորապէս հայկական հարցի ծիրէն ներս Գերմանիան Թուրքիոյ հետ «փոխզիջումներու հասնելու յոյսով պատրաստակամութիւն պիտի յայտներ ալ աւելի յետաձգել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկրի խորհրդարանին մէջ (Պունտեսթագի) քննարկման սպասող բանաձեւի հաստատումը»:

Scroll Up