Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանը Նոր Հանգրուանի Մը Սեմին
Նոյեմբեր 22, 2015-ին պիտի մեծարուին ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հայկ Տիտիզեանները իրենց մեծագումար նուիրատուութեան համար Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանի նոր շինարարական կառոյցներու առթիւ: Անոնք ծախսերուն մեծ մասը հոգացած եղան եւ որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ տարի: Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան իր թեմէն ներս իրագործած կ’ըլլայ, այսպիսով, նոր շինարարական աշխատանք մը, ապահովելով ճեմարանի գոյութիւնը, եկեղեցականկոչում ունեցող երիտասարդներուն համար:
Անշուշտ դիւրին չեղաւ այս ճեմարանին ծնունդն ու անոր յաջորդող տարիներու երթը: Ան մնալու էր գուրգուրանքին արժանի հաստատութիւն մը, ուրկէ պիտի հասնէին ընդհանրապէս ամերիկածին նոր եկեղեցականներ, որոնք աւելի ուշ վանական կեանքի համար պիտի ղրկուէին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր պիտի ստանային ազգային տոհմիկ իրաւդաստիարակութիւն եւ պիտի լրացնէին իրենց ուսումնական շրջանը: Նշենք որայս հաստատութիւնըԱմերիկայի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Տիրան Արք. Ներսոյեանի տեսիլքն էր եղած:
Քսանամեակ մը առաջ, Ճեմարանը կը գտնուէր նիւթական անել կացութեան մը մէջ: Ան փակուելու վտանքին առաջ կը գտնուէր: Առաջնորդ Խաժակ Սրբազան Յուլիս 28, 1995-ին, կը դիմէր շիքակոյաբնակ յարգուած ազգայիններ Տոքթ. Եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեաններուն՝ կազմակերպելու համար նուիրահաւաք ամերիկահայ ազգայիններէն: Դժուար եւ գրեթէ անկարելի իրագործում մըն էր որ կը վստահուէր Յովհաննէսեաններուն, որովհետեւ մեր բարերարները, այդ օրերուն, առաւելաբար իրենց նուէրները կը կատարէին երկրաշարժի աղիտեալ գօտիին եւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեամբ ծնունդ առած մեր հայրենիքին բիւր նիւթական կարիքներուն:
Դիւրին պիտի չ’ըլլար անշուշտ Յովհաննէսեաններուն կատարելիք նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անոնք գերմարդկային նուիրումով անկարելին կարելի պիտի դարձնէին ապահովելու համար ճեմարանի գոյութիւնը: Մօտ մէկ միլիոն տոլարի անմիջական անհրաժեշտութիւնը կար բաց պահելու համար Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանը: Շնորհիւ ամոլին տարիներու փորձառութեան, ունեցած լայն շրջանակին,յամառ աշխատանքին եւ ունեցած հմայքին, կարելի եղաւ իրագործել այդ նուիրահաւաքի աշխատանքը երեք ամիսներու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Գտնուեցան եկեղեցասէր ազգայիններ, որոնք ընթացք տուին եղած դիմումներուն: Այդ օրերու Ճեմարանի տեսուչ Առաքել Քհնյ. Ալճալեան մօտէն գործակցեցաւ Յովհաննէսեաններուն հետ, յաջողցնելու այս առաքելութիւնը:
Պէտք է երախտագիտութեամբ արձանագրել նաեւ Փոլ Կարապետեան Չարլզ հիմնադրամի կտակարար փաստաբան Արսէն Հանամիրեանի մասնակցութիւնը այս առթիւ: Ան մօտէն հետեւած ըլլալով Տիկին Շողակ Յովհաննէսեանին տարիներու ազգային անշահախնդիր գործունէութեան, ունեցաւ վստահութիւն եւ կատարեց իր նուիրատուութիւնը: Նոյն տարուան աշնան Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գտնուէր Ֆլորիտա, ուր ունեցաւ հանդիպում Պրն. Հանամիրեանին հետ: Ան նախապէս 100 հազար տոլար նուիրած էր Ճեմարանին: Հանդիպումէն ետք մեծահոգի ազգայինը յիշեալ հիմնադրամէն 400 հազար տոլար եւս կը նուիրէրՃեմարանի հիմնադրամին: Այսպիսով մեծագումար կէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարուեցաւ ի նպաստ ճեմարանին, շնորհիւ Տոքթ. Եւ Տիկին Րաֆֆի Յովհաննէսեաններուն:
Յիշելու համար քսան տարիներ առաջ Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանի եղած նուիրատուներէն մաս մը, կ’արձանագրենք անունները անոնցմէ՝ Տիրան Արք. Ներսոյեան Հիմնադրամ՝ 150 հազար տոլար, Տատուրեան ընտանիք՝ 150, Սարգիս Կապրիէլեան՝ 100, Հելէն Մարտիկեան՝ 100, Անուշ Թադեւոսեան՝ 100, Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան՝ 50, Հրաչ Թուֆայեան՝ 25, Ասպետ Զաքարեան՝ 25 … եւայլն:
Այսօր երբ արդէն գրեթէ պատրաստ է նոր շէնքը այս ճեմարանին, երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք այն կարեւոր աշխատանքը, զորս կատարեցին Տոքթ. Եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեանները: Այդ ալ կարեւոր խթան մը հանդիսացաւ ճեմարանը կարենայ շարունակելուհամար իր առաքելութիւնը գալիք 20 տարիներուն համար:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք