«Մաշտոց» Քոլեճի Նոր Յաջողութիւնը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մաշտոց» քոլեճը, որպէս բարոյագիտական եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուող հիմնարկ, կը շարունակէ լաւագոյնս արդարացնել իր գոյութեան նպատակը:
Արդարեւ, ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ քոլեճի 2014-2015 տարեշրջանի Մանկավարժական բաժանմունքի շրջանաւարտները ընդգրկուած են իրենց վկայագիրներուն համապատասխանող ասպարէզներէ ներս, կիրառելու համար քոլեճէն ստացած իրենց ուսումը:
Տեղին է նշել, որ Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Լա Քրեսենթայի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Փասատինայի մանկապարտէզներու ուսուցչուհիներուն եւ վարիչ տնօրէններուն մեծամասնութիւնը շրջանաւարտ է «Մաշտոց» քոլեճէն:
Իսկապէս հպարտառիթ վարկանիշ են զանազան բնագաւառներէ ներս «Մաշտոց» քոլեճի առաքելութիւնն ու արձանագրած յաջողութիւնները, որոնք կ՛իրագործուին շրջանաւարտներու վկայութեամբ, շնորհիւ քոլեճի ակադեմական մակարդակին եւ դասախօսական կազմի լուրջ աշխատանքին:
Անխափան երթ եւ նորանոր նուաճումներ՝ «Մաշտոց» քոլեճին:
(Թղթակցութիւնը՝ Քոլեճէն)
Ասպարէզ