Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Հանգստեան Օրերուն Արձակուած Է Մօտ 3000 Կրակոց. ԼՂՀ ՊՆ
Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծ շաբաթավերջին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 150 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 82 մմ.-ոց ականանետէ (1 արկ) եւ ՀԱՆ17 տիպի նռնականետէ (11 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 3000 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կ՛իրականացնեն իրենց մարտական խնդիրը եւ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատժիչ քայլերու: