Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը Փէրինչէքի գործով Եւրոդատարանի վճիռի վերաբերեալ

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 15-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) գերագոյն պալատի «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով հրապարակած դատավճռին մասին յայտարարութիւն մը ըրած է:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նախ կը նշուի, որ դատավճիռով արձանագրուած է, որ խախտուած է ցեղասպանութիւնը ժխտած Տողու Փէրինչէքի խօսքի ազատութիւնը:

«Որոշումը կը դիտարկենք որպէս խիստ զգուշացում ցեղասպանութեան մասին «պնդումները» միակ ճշմարտութիւն ընդունելու եւ այդ «պնդումները» կասկածի տակ դնելը արգիլող նախաձեռնութիւններու համար»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն որոշումը բնութագրած է որպէս կարեւոր ձեռքբերում ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, մարդու իրաւունքներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան հարցով վերջին տարիներուն տարուող պայքարի տեսանկիւնէն:

Ըստ թրքական ԱԳՆ-ի` եւրոպական դատարանի որոշումը արձանագրած է «1915-ի դէպքերուն» վերաբերեալ տարբեր կարծիքներու արտայայտման ազատութիւնը: «Ինչպէս նաեւ 1915-ին կատարուածը երբեք չի կարելի համեմատել Հոլոքոստի հետ»,- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ այս որոշումը նմանատիպ դէպքերու համար կրնայ նախադէպային դառնալ:

«Այս որոշումը բեկումնային է նաեւ պատմութիւնն ու օրէնքը քաղաքական նպատակներով չարաշահելու դէպքերուն պատասխան տալու տեսանկիւնէն»,- կ’եզրափակուի յայտարարութիւնը:

 

Scroll Up