ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Նիտերլանտներու Թագաւորութիւն

Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Նիտերլանտներու Թագաւորութիւն (Ամսդերտամ, Հաագա, Ալմելօ):
Նախարարը կը մասնակցի Ամսդերտամի «Սուրբ Հոգի» հայկական եկեղեցւոյ 300-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն, կ’ունենայ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ, կ’այցելէ Նիտրլանտներու Թագաւորութեան մէջ գործող հայկական մշակութային եւ կրթական կեդրոններ: