Յորդանանի թագաւորական ընտանիքի լուսանկարիչները հայեր են. Րաֆֆի Պոյաճեան` Յորդանանի մէջ ապրող հայերու մասին

Յորդանանի Հաշիմեան թագաւորութեան թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմիի լուսանկարիչները ազգութեամբ հայ են: Լուսանկարիչներէն մէկը` Րաֆֆի Պոյաճեան այս օրերուն Հայաստանի մէջ է: Վերջինս միւս լուսանկարիչի` Զոհրապ Մարգարեանի օգնականն է, որ 22 տարի շարունակ կ’աշխատի որպէս թագաւորի անձնական լուսանկարիչ:

Րաֆֆի Պոյաճեան Aravot.am-ին պատմեց, որ թագաւորը իր անձնական լուսանկարները, ընտանեկան արարողութիւններու, հարսանիքներու նկարները միայն կը վստահի իրենց:

Յորդանանի մէջ 1971 թուականին ծնած լուսանկարիչը ըսաւ, որ ինք 2000 թուականին ստացած է նաեւ Հայաստանի անձնագիր: Այդ ժամանակ լսած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անձնագիր կու տայ դուրսի հայերուն ու քանի որ Յորդանանի մէջ հայկական դեսպանատուն չէ եղած, անձնագիրը ստացած է  Դամասկոսէն: Սկիզբը 10 տարի ժամանակով  անձնագիր յատկացուցած են, բայց յետոյ իմացած է, որ անժամկէտ  կու տան ու անմիջապէս դիմում  տուած է:

«Ինծի համար շատ մեծ հաճոյք էր, որ 2000 թուականին առաջին անգամ Երեւան այցելելուս Հայաստանի անձնագիրով  մտած եմ, այսինքն վիզայով չեմ մտած: Երբ Դամասկոսի մէջ դեսպանը հարցուց` դուն անցեալին Հայաստանի մէջ  եղա՞ծ ես իբր ուսանող, իբր զբօսաշրջիկ: Ըսի` ոչ, ժպտեցաւ, որ ես Հայաստանի անձնագիրի համար  կը դիմեմ տակաւին Հայաստան չտեսած: Ան ըսաւ` վստա՞հ ես, որ անձնագիր կ’ուզես վերցնել, ըսի` վստահ եմ առանց Հայաստան այցելելու, որովհետեւ մենք Սփիւռքի հայեր ենք, Հայաստան մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի, հայրենիքը միշտ տարբեր է, կը քաշէ: Ճիշդ է, մենք Յորդանանի մէջ  օտար չենք զգար, շատ լաւ կառավարութիւն, շատ լաւ թագաւոր ունինք. հայերուն շատ լաւ կը նային, բայց մենք հայ ենք ու ունինք հայրենիք: Ես առաջին դիմում տուողներէն եղայ ու անձնագիրը ստացայ եւ շատ ուրախ եմ, հիմա կրնամ ըսել, որ ես 100 տոկոսով հայ եմ: Առաջ կը զգայի, որ յիսուն տոկոսով  հայ եմ, հիմա այլեւս 100 տոկոսով հայ եմ»: Լուսանկարիչը արդէն 18-րդ անգամ  Հայաստան կ’այցելէ: Aravot.am-ի այն հարցումին, թէ ինչո՞վ կը զբաղին հայերը Յորդանանի մէջ,

Րաֆֆի Պոյաճեան ըսաւ, որ տղամարդիկ հիմնականին մէջ արհեստաւորներ են, լուսանկարիչներ, աւտոմեքենաներ վերանորոգող վարպետներ, ոսկերիչներ, իսկ կանայք, ի տարբերութիւն տղամարդոց, կրթուած են, ուսեալ, համալսարան կ’աւարտեն: Ի դէպ, մեր զրուցակիցը ըսաւ, որ պարոն Զոհրապին ԱՄՆ  ուղարկած են,  համալսարանի մէջ ուսանելու համար, իսկ ինք Իտալիոյ մէջ ուսանած է: «Պարոն Զոհրապ Մարգարեան Յորդանանի թագաւորին կը ծառայէ 22 տարի, իսկ ես անոր օգնականն եմ շուրջ 18 տարի, մենք երկուքով թագաւորին ընտանիքի անձնական լուսանկարիչներն ենք»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը:

Նունէ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆ

լուսանկարիչ

Scroll Up