Ալիսիա Կիրակոսեանին Ի Յիշատակ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի Իրանահայ մշակութային միութեան, յուշերեկոյ մը տեղի ունեցաւ տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի յիշատակին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 4, 2015ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ։
Ներկայ էին Ալիսիայի ընտանիքի անդամներն ու հարազատները, պաշտօնական հիւրեր, հրաւիրեալներ, ՀՕՄի ներկայացուցիչներ, գրասէրներու խաւ մը. մանաւա՛նդ իր ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէր հայ գրականութեան երիցագոյն ներկայացուցիչ Ժագ Ս. Յակոբեան:
Օրուան պատշաճ յայտագիրին ընդմէջէն հանդիսատեսը յետադարձ հայեացքով պտոյտ մը կատարեց Ալիսիա Կիրակոսեանի «Բանաստեղծութեան ոլորտներուն մէջ»: Աւելի քան 60 հատորներ, եռալեզու ստեղծագործական վաստակ՝ հայերէն, անգլերէն, սպաներէն, բանաստեղծական հարուստ աւանդ, որ ժառանգն է հայ գրականութեան: Յայտագիրը գործադրուեցաւ հեզասահօրէն, շնորհիւ օրուան զոյգ հանդիսավարներ Սոնա Մատարեանի եւ Անուշ Հովեան-Ալեքսանեանի մասնագիտական մակարդակի բեմավարութեան, նկատառելի ներդրումին եւ մէջ ընդ մէջ տպաւորիչ ելոյթներուն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան նախագահ Թոմիկ Ալեքսանեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ալիսիայի գրական վաստակին:
Գեղարուեստական յայտագիրի բացումը կատարեց ծանօթ արուեստագիտուհի Ալենոյշ Եղնազար, որ իր բացառիկ ձայնով երգեց Ալիսիայի «Այնպէս Ուզում Եմ» երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը՝ ներկաները անմիջապէս փոխադրելով Ալիսիայի քերթողութեան զմայլելի աշխարհը:
Ընդառաջելով զոյգ միութիւններու խառն յանձնաժողովի դիմումին՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. վեհափառն ու ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ուղարկած էին իրենց գնահատանքի խօսքերը, որոնք ընթերցուեցան յաջորդաբար Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արմելլա Շաքարեանի կողմէ: Քահանան նաեւ փոխանցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ողջոյնի խօսքերը այս առթիւ:
Ապա, խօսք առաւ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ ներկայացնելով Ալիսիայի գրականութեան ուղին ու յայտնելով, որ «Ալիսիա կը ճանչցուի իբրեւ առաջին կիրարկողը գերտարածական բանաստեղծութեան», այսինքն՝ metadimensional poetry, ուր առաւելաբար կը գործածուի փոխաբերութիւններու պաշար մը՝ գեղեցկօրէն եւ առանց կրկնութիւններու: Ան երեք մասի բաժնեց Ալիսիայի ստեղծագործութիւնը՝ անձնական, հայրենասիրական ու համայնական, յիշելով, որ աւելի քան 15 լեզուներու թարգմանուած անոր գրականութիւնը հիացում պատճառած է հայ թէ օտար գրողներու, ինչպէս՝ Սարոյեանի, Շիրազի, Կապուտիկեանի, Գէորգ Էմինի, Խանզատեանի եւ ուրիշներու:
Ալիսիայի գլուխ գործոցներէն՝ «Նամակ Առ Հայաստան»ը բացառիկ կերպով մեկնաբանեց գաղութիս ծանօթ ասմունքող Մարալ Վարժապետեանը, որ իր տպաւորիչ ելոյթով արժանացաւ հանդիսականներու բարձր գնահատանքին:
Ալիսիա Կիրակոսեանի ներաշխարհը ներկայացուց Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան, որ մէջբերումներով անդրադարձաւ Ալիսիայի տարերքը կազմող հայրենասիրութեան, մայրութեան, կնոջականութեան եւ սիրոյ զգացումին, որ ամէն բանի սկիզբն է ու վախճանը: Ան ըսաւ. «Սիրոյ, մարդկութեան, տիեզերականութեան ու բնութեան գաղտնարաններուն մէջ յարատեւ որոնող ու տագնապող բանաստեղծուհի էր Ալիսիան՝ իր տագնապը ծաւալելով ազգային թէ համամարդկային ոլորտներուն մէջ, իր ստեղծագործութիւնը ուղղելով ընթերցողի թէ՛ գիտակցութեան եւ թէ անգիտակցութեան, անոր էութենական ամբողջութեան, որ իրեն մէջ կը միաձուլէ իրականութիւնն ու տեսիլքը, հողեղէնն ու ոգեղէնը՝ բանաստեղծումի արարչական քուրային ընդմէջէն վերստեղծուելով իբրեւ վարարող ոգեղինութիւն»։
Ծ. Մելքոնեան, անդրադառնալով բանաստեղծուհիի ներաշխարհին՝ յայտնեց, թէ գերմշակուած, հարուստ զգայարանքներով, յախուռն, ստեղծագործական երեւակայութեամբ օժտուած՝ Ալիսիա գիտէր իր տողերուն հաղորդել խռովիչ խորհուրդ մը, որ իր ստեղծագործութեան հայկական ենթահողէն կը յորդէր դէպի միջազգային հորիզոններ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն եւ էութեան։ Ան բացատրեց, որ Ալիսիայի թէ՛ տեսիլքները եւ թէ կեանքի տեսլացած պատկերները ունին հաղորդական ջերմութիւն մը, որ կու գայ իր արեան հանքերէն, ցեղին հանածոյ ոգիէն եւ իր աշխարհայեացքի կենսախայտ բնոյթէն։
«Ալիսիայի բեղուն գրիչի ծայրէն, մարդկային ներաշխարհի գիշերները լուսաւորող արեւալոյս կը ծորի: Անոր բանաստեղծութիւնը՝ բառին ամենալայն առումով՝ սիրոյ արուեստանոց է եւ ընտիրներ ծնանող մայրացման խորախորհուրդ խորան: Եւ ամէն բանէ առաջ ու վերջ, հայ ցեղին ամենավճիտ ակունքներէն բխող հաւատքի վկայարան ու պատարագ է անոր ստեղծագործութիւնը, որ միշտ կը մնայ յղացումով՝ թարմ եւ կատարումով՝ անկրկնելի», ըսելով իր խօսքը եզրափակեց Մելքոնեան:
Իրանահայ միութեան երաժշտութեան բաժինի ղեկավար Ալէք Բազուկեանի յօրինած երաժշտութեամբ, «Հայրենի իմ հող»ը թունդ ու հնչեղ ձայնով երգեց Վահան Լաքս, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Յովիկ Ոսկանեանի:
Ապա, Անուշ Ալեքսանեան-Հովեան բեմ հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ հրապարակագիր, մտաւորական Վաչէ Բրուտեանը, ներկայացնելու համար անգլերէն գրուած Ալիսիայի «Ճչացող Լաբիւրինթոս» (Screaming Labirneath) յետ մահու հրատարակուած հատորը, որ նուիրուած էր Եղեռնի հարիւրամեակին։ Բրուտեան ըսաւ. «21 գլուխներէ բաղկացած գիրքին իւրաքանչիւր մասը՝ շերտ առ շերտ կը ներկայացնէ ոչ միայն Ալիսիայի հօր՝ վերապրող Գուրգէն Կիրակոսեանի, ականատեսի վկայութիւնները, այլ Վասպուրականի հերոսամարտը, հայութեան նահանջը, տարագրութիւնը եւ Սփիւռքի յետ Եղեռնեան կազմաւորումը», ապա աւելցուց. «Արեան կանչն է DNAը, որ կարմիր թելի նման կ՛երկարի Ալիսիայի բոլոր գործերուն մէջ»:
Ալիսիայի «Սէրը Գոյութեան Հանճարն Է» քերթուածէն մէկ տուն արտասանուեցաւ չորս լեզուներով. հայերէն՝ Նունէ Աւետիսեան, անգլերէն եւ պարսկերէն՝ Անուշ Հովեան-Ալեքսանեան, իսկ սպաներէն՝ Լարա Վանեան (Ալիսիայի դուստրը):
Վերջապէս, սկաւառակի ցուցադրութեամբ հանդիսատեսները ըմբոշխնեցին Ալիսիայի կեանքէն քաղուած յիշատակելի պատկերներ՝ Ալիսիայի ձայնով ի՛ր իսկ ստեղծագործութիւններէն ընթերցումներով:
Ալիսիայի դուստրը՝ Լարան, իր սրտի խօսքով երախտագիտութիւն յայտնեց զոյգ միութիւններուն ու բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իր այս անհատական նախաձեռնութեան եւ իրականացուցին այս ձեռնարկը, ի յիշատակ իր մօր պատկառելի ու հարուստ գրական աւանդին։
Ձեռնարկի աւարտին եղաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած Իրանահայ միութեան տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:
Ալիսիայի գիրքերը վաճառքի դրուած էին. ներկաները անսալով Իրանահայ միութեան նախագահ Թոմիկ Ալեքսանեանի կոչին եւ փրոֆ. Քէշիշեանի յորդորին, որ կ՛ըսէր՝ «Կարդացէ՛ք Ալիսիայի գործերը», իրենց բաժինը ձեռք ձգեցին, որպէսզի ընթերցեն եւ ծանօթանան այն հայուհիին, որ Արժանթին ծնած ու սպաներէնով գրականութիւն մուտք գործած, բայց կրցած էր մայրենի լեզուն սորվիլ եւ իր արմատներուն կառչած՝ ստեղծագործել, նուաճել հայրենի ու միջազգային գրականութեան աշխարհը, իր ազգային, մարդկային, սիրոյ ու մանաւա՛նդ արդարութեան նուիրուած քերթողական հաւաքածոներով:
Ալիսիայի հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ ու յախուռն պատկերներով անդրադարձ ունեցած է իր գրականութեան արարման եւ ճանաչողական արուեստին վրայ:

ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up