Թատերական Ութշաբաթեայ Աշխատանիստ՝ Հոկտեմբեր 19էն Սկսեալ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորին, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին պիտի սկսի թատերական ութշաբաթեայ աշխատանիստ մը՝ առաջնորդութեամբ Վանէ Ասատուրեանի։
Ընդհանրապէս անգլերէնով կայանալիք սոյն աշխատանիստին մասնակիցները պէտք է 18 տարիքը բոլորած ըլլան. մասնակցութեան սակը 80 տոլար է։
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ 407 East Colorado Blvd., Glendale, CA 91205 հասցէին։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 437-8707 թիւին կամ hamazkayin.theatercompany@yahoo.com հասցէին։
Ասպարէզ