Սթամպուլի մէջ Սարգիս Մուրատեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է

«Երեւի թէ հայրս դէմ չէր ըլլար: Մինչեւ երթալը անընդհատ կը խօսէի ընկերներուս հետ ` արդեօք դէմ չէր ըլլար, որ իր արուեստը ներկայացուի Թուրքիոյ մէջ: Բայց այսօր «Կոմիտասի վերջին գիշեր» ստեղծագործութիւնը կախուած է Սթամպուլի հէնց կեդրոնին մէջ»,-Panorama.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ ականաւոր նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը` Զարուհի Մուրատեան:
Ըստ -Panorama.am-ի` Հոկտեմբեր 7-ին Սթամպուլի Sismanoglio Megaro կեդրոնին մէջ բացուած է Սարգիս Մուրատեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը: «Անցեալէն դէպի ապագայ» ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր 18: Ցուցահանդէսի կազմակերպիչն է «Սարգիս Մուրատեան» պատկերասրահը եւ Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող «Փարոս» ամսագիրը:
Ցուցահանդէսին, ըստ Զ. Մուրատեանի, ներկայացուած է 30 աշխատանք` 16 գեղանկար, 14 գծանկարչութիւն` դիմանկարներ, բնապատկերներ, աշխատանքներու հաւաքածոյ, ինչպէս նաեւ «Կոմիտաս. վերջին գիշերը» կտաւի տարբերակ մը (1986 թ.): Բոլոր նկարները ընտանեկան հաւաքածուէն են:
«Ցուցահանդէսի հիմնական գաղափարը վերածնունդն է` անցեալէն եկան, յաղթահարեցին դժուարութիւններ եւ վերածնուեցան»,- ըսաւ ան:
Զ. Մուրատեան պատմեց, որ երկար ժամանակ կը մտածէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Սթամպուլի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու մասին: Բաւականին երկար ժամանակ փորձած է գտնել այնպիսի մէկուն, որ կրնար Սթամպուլի մէջ զբաղիլ կազմակերպչական աշխատանքներով. «Կապուեցայ այդ ամսագրին հետ, որ արդէն հայ նկարիչներու քանի մը ցուցահանդէս կազմակերպած էր Սթամպուլի մէջ: Ուղարկեցի 45 նկարի լուսանկար, իրենք ընտրեցին 30-ը: Աշխատանքային գործընթացը բաւականին երկար տեւեց: Նկարները Սթամպուլ հասցուցած ենք ինքնաթիռով»:
Զ. Մուրատեանի խօսքով, հետաքրքրութիւնը ցուցահանդէսի նկատմամբ բաւականին մեծ էր: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եկած են մօտ 400 մարդ` հայեր, յոյներ, թուրքեր, նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, յունաց արքեպիսկոպոսը, հիւպատոսը, որ նաեւ ելոյթ ունեցած է:
Ցուցահանդէսին անդրադարձած են թրքալեզու թերթեր:
ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Մուրատեան (1927 թ, Յունիս 23, Երեւան – 2007 թ. Յուլիս 12, Երեւան) առաջիններէն էր, որ անդրադարձած է Մեծ եղեռնի («Վերջին գիշերը: Կոմիտաս», 1956, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, «Կոմիտաս, 1915 թուական, Ապրիլ», 1965) եւ հայ ժողովուրդի պատմական անցեալի թեմաներուն («Սարդարապատի հերոսամարտը», եռապատկեր,1977, Հայաստանի պատմութեան թանգարան): Մուրատեանի արուեստին մէջ առանցքային է ժամանակակից մարդու թեման` «Գարունը լեռներում» (1960), «Զարթօնք» (1963, ՀԱՊ) եւ այլն, որոնց բնորոշ են վառ գունապատկերը, անհատականացուած կերպարները, զգացական յագեցուածութիւնը:
Լուսանկարները` Զարուհի Մուրատեանի ֆէյսպուքեան էջէն: