ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կրցած է հաւաքել Նանսենեան անձնագիր ունեցողներէն քանի մը անձի ժառանգներու տուեալները

Նանսենեան անձնագիրի բնօրինակ այսօր ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին մէջ չկայ: WomenNet.am-ի հետ զրոյցին հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ  անձնագիրի բնօրինակ ձեռք բերելը շատ թանկ հաճոյք է:

«Թանգարանում նանսենեան անձնագրի որեւէ բնօրինակ չունենք, կան պատճէնները: Այն թանկ հաճոյք է, բայց լինելու դէպքում էլ թանգարանը պատրաստ է վճարել եւ ձեռք բերել այն»,-ըսաւ Դեմոյեան:

2011 թուականին, երբ կը լրանար նորվեկացի բեւեռախոյզ, գիտնական, դիւանագէտ եւ ականաւոր հումանիստ ֆրիտեօֆ Նանսենի 150-ամեակը, յոբելեանական ձեռնարկներու ծրագիրին մէջ ներառուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ  Սփիւռքի մէջ նանսենեան անձնագիր ունեցողներու եւ անոնց ժառանգներու մասին տուեալներու ստեղծումը (անձնագիրները կամ անոնց պատճէնները, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, նիւթեր, որոնք կ’առնչուին անձնագիրներուն, անոնց տէրերուն, գիրքեր, յուշագրութիւններ եւ այլն):

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար ֆիրդուս Զաքարեան WomenNet.am-ին ըսաւ, որ ատիկա եղած է կառավարութեան յանձնարարութիւնը: Նախարարութիւնը կրցած է հաւաքել Նանսենեան անձնագիր ունեցողներէն   քանի մը անձի  ժառանգներու տուեալները:

«Նրանք բերել էին ծնողների անձնագրերի պատճէնները: Նանսենեան անձնագիր ունեցողներից որեւէ մէկն այսօր ողջ չէ»,-ըսաւ Ֆ. Զաքարեան:

Ֆ. Զաքարեանի խօսքով, հաւաքած տուեալները ամբողջութեամբ այս պահուն կը գտնուին կառավարութեան տրամադրութեան ներքոյ:

Յիշեցնենք, որ Նանսենի անմիջական ջանքերու շնորհիւ էր, որ 1922թ. Ժնեւի մէջ գումարուած համաժողովին ժամանակ որոշում կայացուեցաւ փախստականներուն եւ հայրենազուրկներուն շնորհել անձը հաստատող ժամանակաւոր վկայականներ` «Նանսենեան անձնագիրներ», որոնց վրայ զինանշանի փոխարէն փակցուած էին Նանսենի դիմանկարով նամականիշեր:

Ազգերու լիգայի 1924թ. Յուլիս 12-ի որոշմամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած շուրջ 320.000 հայերու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ շնորհուեցան «Նանսենեան անձնագիրներ»: Այդ անձնագիրներու ձեռքբերումով վերապրողները այս համաժողովի մասնակից երկրներուն մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունք ստացան, եւ անոնց նկատմամբ դադրեցան գործել մինչ այդ քաղաքացիութիւն չունեցողներու համար կիրառուած սահմանափակումները:

Հ. Կարապետեան

 

Scroll Up