ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման «Արտման» խումբին հետ

Հոկտեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ Երեւան հաստատուած սուրիահայ ուսուցիչներէ եւ ուսանողներէ կազմուած «Արտման» խումբի անդամներուն եւ ղեկավար Յակոբ Չօլաքեանի հետ:

 Խումբը կազմաւորուած է արեւմտահայերէն խօսող երեխաները համախմբելու եւ ստեղծագործական հնարաւորութիւններու զարգացման միջոցով անոնց արեւմտահայերէնը բարելաւելու, հարստացնելու եւ անաղարտ պահելու նպատակով:

Կը նախատեսուի ունենալ խօսքի արուեստի, վարժութեան, թատրոնի, երգի ուսուցման եւ ստեղծագործական այլ բաժանմունքներ:

 Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպչական եւ գործնական հարցեր:

a-2

Scroll Up