System of a Down խումբը Փարաջանով-Վարդանովի հիմնարկի մրցանակ կը ստանայ
Աշխարհահռչակ System of a Down խումբը Փարաջանով-Վարդանովի հիմնարկի մրցանակ պիտի ստանայ: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 21-ին Հոլիուտի մէջ, ըսուած է հիմնարկի ֆէյսպուքեան էջին մէջ: Երաժիշտները պիտի պարգեւատրուին Wake Up the Souls շրջագայութեան համար, որ ցոյց կու տայ արդարութեան հասնելու անոնց ձգտումը:
Հիմնարկը կը զբաղուի Սերկէյ Փարաջանովի եւ Միքայէլ Վարդանովի, որոնք իրենց կեանքը նուիրած էին բռնապետական վարչակարգերու անարդարութեան դէմ պայքարին, աշխատանքներու պահպանումով եւ ցուցադրութեամբ:
Անցեալ տարի այս մրցանակը յանձնուած էր հանրայայտ բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզէին: