Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողի Բացում` Հայկազեան Համալսարանի «Մուկար» Պարտէզին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահութեան, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախմբումին շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման հանդիսութիւնը:
Արդարեւ, ընդառաջելով Պերեճիկի հայրենակցական միութեան հրաւէրին, տարբեր հայրենակցական միութիւններէ կիներ 7 ամիս առաջ համախմբուելով, յանդուգն մտայղացումը ունեցան տեղադրելու խորհրդանշական յուշակոթողը: Առ այդ, Ատանայի, Ամանոսի, Այնթէպի, Պաղչէի, Պերեճիկի, Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի, Էյպեզի, Կիւրիւնի, Հաճնոյ, Քէլլէրի, Քեսապի, Խարբերդի, Քիլիսի, Լափաճի, Մարաշի, Մուշի, Ուրֆայի, Բալուի, Րումտիկինի, Սասնոյ, Սեբաստիոյ, Սիսի, Թոմարզայի եւ Եոզկաթի հայրենակցական միութիւնները իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ իրենց ներդրումը ունեցան սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Նշեալ ձեռնարկին ներկայ էին 3 համայնքապետերու ներկայացուցիչները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները, ինչպէս նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան իր գնահատանքը արտայայտեց, որ լիբանանահայութիւնը միացեալ ջանքերով շատ բան կրնայ իրագործել, ինչպէս անցնող ամիսներուն ընթացքին զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ակնարկելով «Մուկար» պարտէզին մէջ ձեռնարկին կազմակերպման` վեր. Հայտոսթեան նկատել տուաւ, որ պարտէզները իրենց ետին նպատակ ունին, ինչպէս նաեւ երկու յատկանիշներ. անոնք բնակերտ են, այսինքն` ինչ որ բնութիւնը ստեղծած է, սակայն անոնք նաեւ մարդակերտ բաժին մը ունին` ինչ որ մենք կը խնամենք եւ իմաստ կու տանք անոնց, ինչպէս` յուշակոթողի զետեղումը յիշեալ պարտէզին մէջ: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ան հաստատեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը իր ետին ունի խորհրդանշական գաղափարներ` նկատել տալով, որ ամեակներու նշումին եւ յիշատակումին կարեւորութիւնը կը կայանայ անոնց ներկայացուցած խորհուրդին մէջ, ինչպէս օրինակ զետեղուած յուշակոթողը, որ միայն նշան մը չէ, այլ խորհուրդ մը կը փոխանցէ:
«Այս նախաձեռնութեամբ կը բարձրացնենք հայ կնոջ բողոքի ձայնը, որ կը միախառնուի բողոքի ձայնին հազարաւոր հայորդիներու, որոնք աշխարհով մէկ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» բացագանչեցին», ըսելով սկսաւ իր խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան` մեծապէս գնահատելով Լիբանանի Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախմբումին նախաձեռնութիւնը, ինքնավստահութիւնը եւ յաջողելու հաստատակամութեամբ գործի լծուելու երեւոյթը: Խտըշեան հաստատեց, որ այս յուշակոթողով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը յաւերժանայ` ողջունելով հայ կինը, որ մնաց ու կը մնայ հաւատարիմ պատմական իր առաքելութեան` ներկայ ըլլալով մեր կեանքի բոլոր արարումներուն մէջ եւ արհամարհելով տնտեսական դժուարութիւնները:
Լիբանանի Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախմբումի ատենապետ Մարօ Պալապանեան անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան զանազան հանգրուաններուն հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան ըսաւ, թէ հայ կինը երբեք չէ յուսալքուած եւ միջոցներ որոնած է լաւագոյնս ծառայելու ազգի եւ հաւաքականութեան կարիքներուն: Խօսելով յուշակոթողի տեղադրման գլխաւոր նպատակին մասին` ան բացատրեց, որ ատիկա կը միտի լսելի դարձնել հայ կնոջ հաւաքական ձայնը ստեղծագործ եւ շինարար նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն եւ այդ ձայնը կրնայ արձագանգել նաեւ յաջորդող սերունդներու գիտակցութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին յուշակոթողի իրագործման:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացումը: Յուշակոթողը, որ աշխատանքն է արուեստագէտ Լենա Քելեքեանի, կը ներկայացնէ 100-ամեակը խորհրդանշող անմոռուկ ծաղիկը: Կողքին տեղադրուած է յուշաքար մը, որուն վրայ նշուած են մասնակցող հայրենակցական միութիւններուն անունները, ինչպէս նաեւ յուշակոթողի յղացման բացատրութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Անայիս Կետիկեան, որ մեկնաբանեց «Ատանայի ողբը» երգը, իսկ Լիբանանի թեմի միջդպրաց դասերու «Առաքելոց» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, ներկայացուց ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: