ՀՕՄ-ուհիները զինուորի պէս կանգնած` պատրաստ են աջակցելու Արցախին եւ արցախցիին

Հոկտեմբեր 11-ին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը, կը գրէ aparaj.am-ը:
Արարողութեան ներկայ էին ԼՂՀ փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Արթուր Աղաբեկեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան, ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, պաշտօնատար այլ անձիք, աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած ՀՕՄ-ուհիներ:
ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Վիգի Մարաշլեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը առաջին մանկապարտէզն էր, որ 1998-ին հիմնուած է ՀՕՄ-ի կողմէ:
«Մանկապարտէզը հիմնուած է ազատագրական օրերէն յետոյ եւ պէտք է իր զօրաւոր հիմքերով գոյատեւէ հարիւրաւոր տարիներ,- կ’ըսէ Վիգի Մարաշլեան,- պատերազմէն անմիջապէս յետոյ Հայ օգնութեան միութիւնը ներկայ էր Արցախի մէջ: Եկանք եւ հիմնեցինք մեր մանկապարտէզները` մտադրութիւն ունենալով կրթել նոր սերունդը, մեր ապագայ զինուորն ու հրամանատարը: Այս ապագայով լեցուն երեխանները մեզի կը խրախուսեն առաջ տանելու մեր աշխատանքները: 15 հազար ՀՕՄ-ուհիներս զինուորի պէս կանգնած` պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու Արցախին եւ արցախցիին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՂՀ փոխվարչապետ, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Արթուր Աղաբեկեանին` մանկապարտէզի ծրագիրը կեանքի կոչելու հարցին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
Նելլա Ղուլեան, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի ստեղծման առաջին իսկ օրէն մինչ այսօր կը հանդիսանայ մանկապարտէզի տնօրէնը, խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդոց, որոնց շնորհիւ կ’իրականանայ մանկապարտէզի վերակառուցման ծրագիրը.
«Այս տարիների ընթացքում մենք կրթել եւ դաստիարակել ենք աւելի քան 2000 մանուկների եւ հաւատացած ենք, որ դեռ հազարաւորներին կ’ընդունենք մեր մանկապարտէզ` ճիշդ եւ հայեցի կրթելու համար: Նոր շէնքը կը համապատասխանի արդի բոլոր պայմաններին: Այն հնարաւորութիւն կը տայ մեզ դաստիարակելու 120-150 երեխաների: Մենք սիրով կը շարունակենք այն գործը, որը սկսել ենք Արցախեան պատերազմից անմիջապէս յետոյ»:
Նշենք, որ մանկապարտէզի հին շէնքը փլուած է սոյն թուականի Օգոստոսին եւ անմիջապէս սկսած են շինարարական աշխատանքները: Շէնքը պատրաստ կ’ըլլայ շահագործման 2017 թուականի Մայիսին: