Տեղի ունեցաւ տեսաժողով Վլատիկաւկազի հայ համայնքին հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/herakonferans.jpg)
Հոկտեմբեր 9-ին տեսակապ հաստատուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ ‹‹Էրեբունի›› հայկական ազգամշակութային ընկերութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան պետ Տարօն Շագոյեան, նախարարութեան աշխատակիցներ եւ Վլատիկաւկազէն` Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ ‹‹Էրեբունի›› հայկական ազգամշակութային ընկերութեան նախագահ Ասեայ Սաֆրոնիդի-Մելիքեանը, տեղակալ Ռազմիկ Մեձերեանցը, աւագանիի բաժինի վարիչ Սերգէյ Մուրատեանը, մշակութային, կրթութեան, կանանց եւ երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքներու բաժիններու վարիչները:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն` Ս. Սրապիոնեան կարեւոր համարեց հայապահպանութիւնը սփիւռքի համայնքներէն ներս` որպէս առաջնահերթութիւն, վստահեցուց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կ’ընէ ամէն ինչ համայնքին օգնելու եւ սատարելու համար, որպէսզի բնակութեան երկրին մէջ ըլլալով օրինակելի քաղաքացի, պահպանեն ազգային դիմագիծը: Փոխնախարարը հանգամանօրէն երկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2016թ. ծրագիրները, կարեւոր համարելով ատոնց մէջ Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ համայնքի, յատկապէս` երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ ‹‹Էրեբունի›› հայկական ազգամշակութային ընկերութեան նախագահ Ասեայ Սաֆրոնիդի-Մելիքեան ներկայացուց համայնքի խնդիրները, շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան կողմէ առաքուած դասագիրքերուն համար, ներկայացուց ազգամշակութային ինքնավարութեան խնդիրները եւ դիմեց սփիւռքի նախարարութեան` աջակցելու հայկական դպրոցը համայնքին վերադարձնելու գործին մէջ:
Քննարկուեցան Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ ‹‹Էրեբունի›› հայկական ազգամշակութային ընկերութեան խնդիրները, որոշուեցան համագործակցութեան եւ աջակցութեան հնարաւոր ուղիները: