Շարժայի մէջ տեղի ունեցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսումնական տարուան վերամուտը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/0185.jpg)
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ Շարժայի Փիեր Քէոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսումնական տարուան վերամուտը:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` այս առիթով Հայր Սուրբը հանդէս եկած է խօսքով` մանուկներուն ու պատանիներուն յորդորելով պահել Քրիստոսի հանդէպ ունեցած սէրը եւ ամրապնդել այն աղօթքով: Իր խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը բարձր գնահատած է վարժարանի աշխատակազմի գործունէութիւնը, որ մեծ աշխատանք կը տանի կիրակնօրեայ վարժարանը գաղութի զաւականերուն համար աւելի սիրելի դարձնելու ուղղութեամբ: