Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն Տեղի Կ՛ունենայ Դեկտեմբեր 6-ին
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-ին նշանակելու մասին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, հրամանագրին մէջ նշուած է.
«Ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 111-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 5-րդ մասերով, հիմք ընդունելով «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 6-րդ մասը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ տրուած համաձայնութիւնը` կ՛որոշէ.
- Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-ին:
- Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջոր օրուընէ»: