Ստեփան Կրկէաշարեան. Աւստրալիոյ մէջ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը ներկայիս շատ քիչ հաւանական է

Օրեր առաջ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի գրասենեակը, ողջունելով Մալքոլմ Թերնպուլի ընտրութիւնը Աւստրալիոյ վարչապետի պաշտօնին, նշած էր, որ հայերուն առնչուող հարցերու մէջ անոր նախկին գործունէութիւնը տպաւորիչ է, ու անհամբերութեամբ կը սպասեն այդ ամուր յարաբերութիւններու շարունակութեան:

Նոր վարչակազմի օրօք Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւններուն եւ հայ համայնքի ընելիքներուն մասին ArmenianGenocide100.org-ը զրուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Աւստրալիոյ տարածաշրջանային յանձնախումբի ներկայացուցիչ, Նոր Հարաւային Ուելս նահանգին մէջ երկար տարիներ տարբեր վարչական պաշտօններ գրաւած Ստեփան Կրկէաշարեանի հետ:

Թերնպուլը, Աւստրալիոյ հայկական համայնքի վաղեմի բարեկամը, հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վառ կողմնակիցներէն մեկն էր երկրի խորհրդարանին մէջ: 2013 թ Նոյեմբեր 23–ին, ըլլալով հեռահաղորդակցութիւններու նախարար, ան ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանդէս  եկած էր ելոյթով` կոչ ընելով պաշտօնապէս ճանչնալ հայերու, յոյներու ու ասորիներու ցեղասպանութիւնները:

Պարոն Կրկէաշարեան, յայտնի դարձաւ, որ Աւստրալիոյ նորընտիր վարչապետը ցեղասպանութեան ճանաչման աշխոյժ կողմնակիցներէն մեկը եղած է երկրի խորհրդարանին մէջ, հաշուի առնելով այդ հանգամանքը` որքանո՞վ  հաւանական է Աւստրալիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը:

– Ես միշտ անցեալի օրինակները կը դիտարկեմ եւ կը սիրեմ հետեւիլ քաղաքական գործիչներու քայլերուն, ոչ թէ խօսքերուն. Օրինակ` ԱՄՆ-ի մէջ Ճիմի Քարթերը նախագահի թեկնածու եղած ժամանակ գրաւոր կերպով ճանչցած էր Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն նախագահ ընտրուելով` չէ վերահաստատած իր դիրքորոշումը: Նոյն կերպ եւ Պարաք Օպաման: Մտավախութիւն կայ, որ Աւստրալիոյ նոր վարչապետը կրնայ նոյն կերպ վարուիլ, եւ իմ կարծիքով այդ ճանաչումը շատ քիչ հաւանական է:

Վերջին 20 տարիներուն եղած են քաղաքական գործիչներ, պատգամաւորներ, ըննդիմադիր ճակատի ղեկավարներ, որոնք ըսած են, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստ է, եւ այն պէտք է ճանչցուի, դժբախտաբար, ընտրուելէ եւ իշխանութեան մաս կազմելէ յետոյ այդ ընդդիմադիր գործիչները իրենց խոստումը չեն յարգեր: Պէտք է նշել որ Աւստրալիոյ մէջ ակնյայտօրէն մեծ է թրքական տնտեսական, հետեւաբար նաեւ քաղաքական ազդեցութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Աւստրալիան արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս առումով կը հետեւի ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան` հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ դիրքորոշումը:

Այդ պարագային Աւստրալիոյ հայ համայնքը կրնա՞յ իր ջանքերը ուղղել երկրի տարածքային ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ ճանաչման նոր գործողութիւններու ընդունման: Ին՞չ ընելիքներ կան այդ ուղղութեամբ:

– Երկու նահանգ` Նոր Հարաւային Ուելսը եւ Հարաւային Աւստրալիան, արդէն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, բոլորովին վերջերս` Յուլիսին, Արեւմտեան Աւստրալիոյ Փերդ քաղաքին մէջ Աւստրալիոյ Միացեալ եկեղեցին (աւետարական) ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: (2015 թ. ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցած ու դատապարտած են նաեւ Սիտնէյի Ռայդարուարձանը եւ Ուիլոուպի քաղաքի խորհուրդը – ArmenianGenocide100.org): Անշուշտ, Հայ դատի յանձնախումբը շատ մեծ աշխատանք պէտք է կատարէ այս ուղղութեամբ: Իմ կարծիքով, սակայն, այդ աշխատանքի բնոյթը եւ քաղաքական մօտեցումը պէտք է համակարգային վերանայման ենթարկուին:

Օրինակ, Աւստրալիոյ ԱԳ նախարար Ռոպերթ Գառի օրօք, որ մինչեւ այդ Նոր Հարաւային Ուելսի վարչապետն էր, ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ այդ նահանգին մէջ, այլեւ խաչքար տեղադրուեցաւ նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ (Նոր Հարաւային Ուելսի նահանգը Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1997 թ., իսկ 1999 թ. Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար տեղադրուած է խորհրդարանին մէջ – ArmenianGenocide100.org): Սակայն  քանի մը տարի առաջ, երբ նոր պաշտօնին նշանակուելէ յետոյ անոր հայ համայնքի գործիչները հարց ուղղեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, Գառը պատասխանեց, թէ դաշնային կառավարութեան մօտեցմամբ` այդ հարցը պէտք է ձգուի պատմաբաններուն: Անոր այդ քայլին համար պախարակեցին, թէ հանրային լսարանի առջեւ իր անձնական տեսակէտը  յայտնած է, սակայն իրականութեան մէջ ան, որպէս ԱԳ նախարար, կառավարութեան տեսակէտը կը ներկայացնէր: Ուրեմն, պէտք է քաղաքական գործիչներուն հետ աւելի համբերատար եւ աւելի լուրջ քաղաքականութիւն տարուի:

Այնուամենայնիւ, ներկայիս Հայ դատի յանձնախումբը, համայնքային միւս կառոյցները անհրաժեշտ ներուժ ունի՞ն` այդ ուղղութեամբ նոր յաջողութիւններ արձանագրելու:

– Վստահ եմ, որ եթէ Հայ դատի յանձնախումբը եւ համայնքային միւս կառոյցները իրենց գործունէութիւնը վերանային, ապա յաջողութիւն կ’ըլլայ, քանի որ այդ ներուժը ունին: Բայց ներկայիս չեմ կարծեր, թէ այլ նահանգները եւս ճանչնան:

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքները, ի՞նչ սպասելիքներ ունէիք:

–Համաժողովի նիստերը, որոնց ականատես եղայ, շատ քաջալերելի աշխատանք կատարեցին, եւ յուսամ, թէ մնայուն մարմին կը ստեղծուի` Համահայկական խորհուրդ, որովհետեւ պէտք է որոշ չափով կեդրոնացուած քաղաքականութիւն մշակուի Սփիւռքի համար: Մենք հասած ենք  ճգնաժամային կէտի մը, երբ արդէն քայքայուած է Սուրիոյ համայնքը, հաւանաբար կը քայքայուի նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը, իսկ աշխարհասփիւռ միւս համայնքները, որ կան, բոլորն ալ շատ կարճ կեանք ունին, երկու-երեք սերունդ յետոյ այլեւս կը կորսնցնենք ատոնք: Հատուածային աշխատանքներով հնարաւոր չէ Սփիւռքը փրկել, անշուշտ, մեր կուսակցութիւնները, համայնքային կառոյցները իրենց գործը լաւ կ’ընեն, բայց պէտք է համակարգուած ու կեդրոնացուած գործել: Ձեւաւորուելիք այս խորհուրդը կրնայ այդ ուղղորդող մարմինը ըլլալ:

Սամսոն Յովհաննիսեան

Scroll Up