Ռուսաստանի հետ լարուածութիւն չենք ցանկար. Տաւութօղլու

Թուրքիան Ռուսաստանի հետ լարուածութիւն չի ցանկար, սակայն Ռուսաստանն ալ պէտք է այդ հարցով ուշադիր ըլլայ: Այս մասին ըստ News.am-ի` յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն:
Թրքական CNNturk-ի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն Սթամպուլի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին անդրադարձած է իր գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախընտրական արշաւին, Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի օդային հարուածներուն ու ռուսական օդանաւներուն կողմէ Թուրքիոյ օդային սահմաններու խախտումներուն:
Խօսելով երկրի սահմանը ռուսական ռազմական օդանաւներու խախտումներուն մասին, Տաւութօղլուն շեշտած է, թէ այդ հարցով անհրաժեշտ հրահանգներ յանձնուած են զինուած ուժերու բոլոր ստորաբաժանումներուն եւ ՆԳ նախարարութեան: «Սուրիական ճգնաժամը սկիզբ առաւ որպէս երկրի մը ճգնաժամ, որ վերաճեցաւ տարածաշրջանային ճգնաժամի: Այն երկիրները, որոնք դէմ էին Սուրիոյ ներքին միջամտութեան, ներկայիս անոնք սկսած են միջամտել:
Մենք Ռուսաստանի հետ բարեկամ եւ հարեւան երկիր ենք, սակայն մեր սահմաններու անվտանգութեան հարցով որեւէ կերպ զիջման չենք երթար: Եթէ Թուրքիոյ սահմաններուն մօտ քաղաքացիական անձանց դէմ որեւէ գործողութիւն տեղի ունենայ, անհրաժեշտ է, որ բոլորս նստինք ու խօսինք: Ռուսաստանի դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ եւ անոր փոխանցուած է անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Ռուսաստանի հետ լարուածութիւն չենք ցանկար, սակայն կը սպասենք, որ Ռուսաստանն ալ ուշադիր ըլլայ: Սա ռուս-թրքական ճգնաժամ չէ եւ պէտք չէ դառնայ: Ինչպէս նշուեցաւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ, Թուրքիոյ օդային տարածքը` ՆԱԹՕ-ի օդային տարածքն է»,-ըսած է Տաւութօղլուն: