Էրպիլի հնագոյն միջնաբերդը փրկած են ԻՊ-էն. տեսանիւթ

Իրաքի հիւսիսը գտնուող Էրպիլի հնագոյն միջնաբերդը  անգամ մը յաջողած է խուսափիլ ոչնչացումէն. «Իսլամական պետութեան» գրոհայիններու յարձակումը կանգնեցուցած են քիւրտ զինեալները, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Այժմ, սակայն, ճիհատականները կը սպառնան այս յուշարձանին մէկ այլ կերպ` անոնց դէմ ռազմական արշաւի վրայ ծախսերու պատճառով իշխանութիւնները կը կրճատեն միջնաբերդի վերականգնման եւ պահպանման պիւտճէն, կը գրէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը:

BBC-ի լրագրող Ահմէթ Մահերին յաջողած է մուտք գործել հնագոյն ամրոցի ներսը:

Հոկտեմբեր 5-ին հաղորդուած է, որ «Իսլամական պետութիւնը» ոչնչացուցած է սուրիական Փալմիրի Յաղթական կամարը:

Scroll Up