Տաւուշի Մարզին Մէջ Ատրպէյճանի Կողմէ Հրետակոծութիւնը Պատճառած է Աւելի Քան 66 Միլիոն Դրամի Վնաս

Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ սահմանամերձ տարածքներու հրետակոծութեան հետեւանքով տուժած եւ վնասներ կրած են Տաւուշի մարզի 17 սահմանամերձ համայնքներ` Սեւքարը, Ներքին Ծաղկաւանը, Բերքաբերը, Վազաշէնը, Այգեհովիտը, Ոսկեպարը, Ոսկեւանը, Բարեկամաւանը, Բաղանիսը, Կոթին, Բերդաւանը, Դովեղը, Չինարին, Մովսէսը, Ներքին Կարմիրաղբիւրը, Պառաւաքարը: Այս մասին Panorama.am-ին տեղեկացուցած են Տաւուշի մարզպետարանէն:
ՀՀ Տաւուշի մարզպետի որոշումով ստեղծուած մասնագիտական փորձագիտական յանձնաժողովներու ուսումնասիրութիւններով ու հաշուարկներով, հրետակոծութեան հետեւանքով տուժած է 586 տնտեսութիւն: Վնասուած են անշարժ ու շարժական գոյք, խոշոր եղջերաւոր անասուններ: Հրետակոծութեան հետեւանքով կարգ մը գիւղերու մէջ վնասուած է նաեւ համայնքային գոյքը, տուժած են մշակոյթի տուներ, մանկապարտէզներ: Վնասի չափը կը կազմէ աւելի քան 66 միլիոն դրամ:
Վնասներուն վերաբերեալ տուեալները Տաւուշի մարզպետարանը ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան: