ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց մատրիտահայ գործարար Վահագն Հայրապետեանը

Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց մատրիտահայ գործարար, Մատրիտի հայ համայնքի գործուն անդամ, «Հոգիս» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Վահագն Հայրապետեանը:
Զրոյցի ընթաքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն, հայապահպանութեան միտուած Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնման նպաստող նախաձեռնութիւններուն:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ Հայրենիքի հզօրացման հարցին մէջ Սփիւռքի գործարար շրջանակներուն հետ կապերու ընդլայնումը: Վահագն Հայրապետեան հաւաստիացուց, որ յառաջիկային գործնական աշխատանքներ պիտի տանի սպանահայ գործարարներու կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ: