Ամերիկահայութիւնը «Ազատութեան» մրցանակ կը շնորհէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երախտաւորներուն

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիոր կ’արժանանայ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւելեան ափի գրասենեակի բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրման համար:
Ըստ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի Արեւելեան ափի գրասենեակի կայքէջին` մրցանակը ամերիկացի նախկին պաշտօնեային պիտի շնորհուի Նոյեմբեր 14ին` կազմակերպութեան 9րդ ամենամեայ ընդունելութեան ժամանակ: «Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհուի նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, թուրք գրող Ֆեթհիյէ Չեթինին: Ան «Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակն է, որ լոյս տեսնելէն յետոյ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային շուրջ հետաքրքրութեան զգալի աճ արձանագրուած է թուրք հասարակութեան շրջանին մէջ: