Երեւանի 28 Փողոցներու Մէջ Պիտի Ներդրուի Ելեկտրախնայող Եւ Անվտանգ Արտաքին Լուսաւորութեան Ցանց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/Երևան1.jpg)
Ազգային Ժողովը քուէարկութեամբ վաւերացուց Հայաստանի եւ Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան միջեւ 2015-ի Մայիս 11-ին ստորագրուած «Երեւանի քաղաքային լուսաւորութեան ծրագիր» վարկային համաձայնագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, համաձայնագրին կողմ քուէարկած է 103, դէմ 5, ձեռնպահ` 6 պատգամաւոր:
Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգի վերաբերեալ ելոյթ ունեցած է ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանը, որ յայտնած է, որ ԲՀԿ-ն կողմ պիտի քուէարկէ համաձայնագրին, քանի որ անիկա միտուած է Երեւանի զարգացման: ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաջեանը եւս նշած է, որ ԲՀԿ-ն կողմ է համաձայնագրին` ընդգծելով, որ հիմնական զեկուցողը մանրամասն ներկայացուցած է, թէ ուր պիտի ծախսուին վարկային միջոցները:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 4 միլիոն տոլարի չափով վարկ: Ծրագրի հիմնական արժէքը կը կազմէ 7 միլիոն տոլար, որմէ 3 միլիոն տոլարը` դրամաշնորհ: Ծրագրի հիմնական նպատակն է Երեւանի մէջ ունենալ ելեկրտախնայող եւ անվտանգ արտաքին լուսաւորութեան ցանց: Մասնաւորապէս կը նախատեսուի Երեւանի 28 փողոցներու մէջ փոխարինել յենասիւները, անցնել ստորգետնեայ մալուխներ, օգտագործել ելեկտրական խնայող լամպեր, ինչպէս նաեւ ներդնել կառավարման ինքնաշխատ համակարգ: