ՀՕՄ-ի համահայկական պատգամաւորական 71-րդ ժողովին կը մասնակցի նաեւ Սուրիայէն յատուկ մեկնաց պատուիրակութիւն մը

4 հոկտեմբեր 2015-ին Double Tree by Hilton հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական պատգամաւորական ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Հոկտեմբերի 4-9-ը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցի նաեւ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, որ յատուկ Հալէպէն մեկնեցաւ դէպի Հայաստան:
Այս մասին կը յայտնէ Perio news-ը:
Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ՝ ընկհ. Հռիփ Կանանեան, ընկհ. Աննա Տէր Յակոբեան, ընկհ. Թալին Մինասեան եւ ընկհ. Անի Մուրատեան: Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Զեփիւռ Ռէիսեանը: