Հակառակորդի Նախայարձակ Գործողութիւնները Լռեցուած են

Հոկտեմբեր 5-ին եւ լոյս 6-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին՝ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 100 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 82 միլեմեթրանոց ականանետէ /2 արկ/ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 2000 կրակոց:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են:

Scroll Up