Էրտողան. «Ռուսիան շատ լուրջ սխալ կը գործէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Ֆրանսա մեկնելէ առաջ Աթաթուրքի օդակայանին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն:
Ըստ ermenihaber.am-ի` վերջինս անդրադարձած է նաեւ վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող քայլերուն` ըսելով, որ Ռուսիան այդպիսով շատ լուրջ սխալ կը գործէ:
Էրտողան, նշելով, որ Ռուսիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ կերպ ընդունելի չեն, ըսած է. «Ես Փութինին ատոր մասին ըսած եմ, թէ Մոսկուա այցելութեան ժամանակ, թէ օրեր առաջ ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ: Ցաւօք, Ռուսիան այս պահուն շատ լուրջ սխալ կը գործէ: Ըստ իս` ատիկա ժամանակի ընթացքին տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ կը տանի դէպի մեկուսացում: Թուրքիոյ հակառակ կատարուող նմանատիպ քայլերը մեզի լուրջ մտահոգութիւն ու անհանգստութիւն կը պատճառէ: Այդ մենք ենք, որ Սուրիոյ հետ 911 քմ սահման ունինք»,- նկատած է Էրտողան:
Էրտողանի խօսքերով` Ռուսիան այդ քայլին կ’երթայ, քանի որ Սուրիոյ համակարգը այդպէս խնդրած է: Սակայն, ըստ Էրտողանի, ամէն համակարգի նմանատիպ խնդրանքը չէ, որ կը կատարուի, այլ կ’ընդյառաջուի միայն այն ժամանակ, երբ ընդառաջողը ատիկա քաղաքականապէս նպատակայարմար կը գտնէ:
«Ռուսիան այդ քայլերը կ’ընէ Իրանի ու Իրաքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ համագործակցութեան պայմաններուն մէջ: Մենք ալ, բնականաբար, մեր դատողութիւնները կ’ընենք եւ սպասուելիք յետագայ գործընթացներուն մէջ այլ կերպ կը գնահատենք մեր առաջնահերթութիւնները»,- ըսած է Էրտողան: