Հայ Դատի «Արուեստներու Մրցանակ»ը՝ Էրիք Պօղոսեանին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատի «Արուեստներու Մրցանակ»ը պիտի շնորհուի մրցանակակիր հեղինակ, թատերագիր եւ դերասան Էրիք Պօղոսեանին, որ նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հոկտեմբեր 23-24-ին կայանալիք Հայ Դատի խորհրդաժողովին։
Զոյգ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան «Հայաթ Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, California, 90067)։
Հայ Դատի խորհրդաժողովի՝ «Շարժապատկեր Եւ Արուեստներ» քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23-ին եւ անոր ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի «Նեմեսիս» գործողութեան մասին Պօղոսեանի հեղինակած՝ «Operation Nemesis: The Assassination Plot that Avenged the Armenian Genocide» հատորը եւ զայն պատրաստելու գործընթացը։
Այս մասին «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինին հետ Էրիք Պօղոսեանի հարցազրոյցը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/134447 կայքէջին վրայ։
Էրիք Պօղոսեան, նշեալ իր հատորը ներկայացնելու նպատակով կազմակերպուած շրջապտոյտին ընթացքին, կարեւոր քարոզչական աշխատանք կատարած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելով արուեստասէր շրջանի մը։
Հայ Դատի «Արուեստներու Մրցանակ»ը կը շնորհուի գրականութեան եւ արուեստներու ճամբով Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք տանող արուեստագէտներու։ Այս մրցանակին արժանացողներու շարքին եղած են՝ Սերժ Թանքեան, Քրիս Պոհճալեան եւ Ատոմ Էկոյեան, որուն «Արարատ» ֆիլմի դերակատարներէն մէկը եղած է Էրիք Պօղոսեան։
Հայ Դատի խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ օրէնքի մասնագէտներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ գործիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ վերլուծաբաններուն, քննարկելու Հայ Դատի տարբեր երեսները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները: Խորհրդաժողովի մասնակցութեան սակը 85 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու համար, սակը 50 տոլար է:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.ancawr.org/grassroots/register կայքէջը:
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան իրագործումները եւ պիտի մեծարուին շարք մը պաշտօնատարներ ու կամաւորներ: Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին կամ այցելելwww.ANCAWRGala.org կայքը: