Հայ Զինուորը Ինծի Նշան Կ՝ընէր, որ Դէպի Իրեն Վազեմ. Ռազմական Լուսանկարիչի Նօթերը

Ռազմական լուսանկարիչ Ճէք Փիգոնէն շատ երկիրներու մէջ եղած է ռազմական գործողութիւններու կեդրոնը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ղարաբաղեան պատերազմը դարձած է պատերազմական պայմաններու մէջ աշխատելու անոր առաջին իսկական փորձը:

Al Jazeera Magazine-ի մէջ հրապարակուած իր նօթերուն մէջ լուսանկարիչը կը նշէ, որ շատեր կը կարծեն, թէ նման աշխատանք կ՝ընեն միմիայն յանուն ատրենալինի, բայց ինքը այդ մասնագիտութիւնը ընտրած է շարք մը պատճառներով: Անոնցմէ մէկը աւստրալական թերթին մէջ անհետաքրքրական ու կրկնուող աշխատանքն էր:

Անոր առաջին ուղեւորութիւնը եղած է դէպի Իրաք, բայց լուսանկարիչ-լրագրողը ձերբակալած են եւ երկրէն արտաքսած այն լուսանկարներուն համար, որոնց մէջ պատկերուած եղած են Քուէյթի սահմանը հատող զինուորականներ:

«Ես եկայ (Ղարաբաղ  – ծ.խմբ.) 1992թ., մօտ 30 տարեկան էի եւ պատրաստ էի պատասխանել այն հարցին, որ կու տայի ես ինծի տարիներ շարունակ. կրնա՞մ գլուխս չկորսնցնել` եւ բառացի ու փոխաբերական իմաստով, պատերազմող զինուորներու փոխհրաձգութիւնը լուսանկարելու ընթացքին:

Ես առաջ կը շարժէի դէպի հայ զինուորները, որոնք խրամատներու մէջ էին` լերան լանջին, երբ ստացայ իմ հարցին պատասխանը: Լեռը յանկարծ ցնցուեցաւ կրակոցներու ձայնէն ու ականանետի պայթիւնէն: Երկնքի վրայ կը սահէին մուգ, թանաքագոյն ամպերը: Ոչ խոր բացուածքը (իտէալական, արդէն պատրաստ գերեզման) իմ միակ ապաստանն էր դէպի ինծի սլացող գնդակներէն ու կասետային ռումբերէն: Կը յիշեմ, այնտեղ պառկած` մտածեցի, որ այդ տեղը չափէն աւելի գեղատեսիլ է պատերազմի դաշտ ըլլալու համար, եւ, ի հարկէ, մեռնելու համար գեղեցիկ վայր էր:

Այդ ժամանակ ես վեր նայեցայ ու տեսայ հայ զինուորը, որ ինծի նշան կ՝ընէր, որ վազեմ դէպի իրեն: Անոր խրամատը ինձմէ ընդամէնը 80 մեթր հեռու էր, բայց յաւէրժութիւն կը թուէր։ Ես բեկորներու հարուածներ ստացայ թիկունքիս ու գլխուս ստորին հատուածին, բայց ողջ էի: Սիրտս կը զարնէր, ատրենալինը կը բարձրանար մարմնովս եւ ես կը զգայի վերածնման էյֆորիայի այ՛ն տեսակը, որ կ՝ապրիս, երբ կը յաջողիս խոյս տալ մահէն»,- գրած է լուսանկարիչը:

Scroll Up