Թրքական համալսարանին մէջ հայերէնի դասընթացներ պիտի իրականացուին

Թուրքիոյ «Քատիր Հաս» համալսարանին մէջ Հոկտեմբեր 26-էն Հայոց լեզուի դասընթացներ պիտի մեկնարկեն` յատուկ սկսնակներու համար:

Ըստ Tert.am-ի` համալսարանի կայքը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր նշուած է, որ դասընթացը անվճար պիտի ըլլայ: Գումար պիտի գանձուի միայն դասագիրքեր տրամադրելու համար:

Հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ սորվիլ փափաքողները դասերու ընթացքին պիտի լսեն հայերէն երգեր, պիտի կարդան հեքիաթներ ու փոքր պատմութիւններ:

«Մեր ծրագիրը միայն հայերէնի քերականութիւնը չէ, որ գերակշիռ տեղ պիտի գրաւէ: Լեզուի առանձնայատկութիւնները խօսելով, լսելով ու կարդալու սկզբունքի հիման վրայ ստեղծուած է մեր դասընթացը»,- ըսած են համալսարանէն:

Scroll Up