Ազգային Ժողովը Սահմանադրական Բարեփոխումներու Նախագիծը Հանրաքուէի Դնելու Մասին Որոշում Ընդունեց

Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին կողմ քուէարկեց 104, դէմ` 10, ձեռնպահ` 3 պատգամաւոր:

Մինչ այդ Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամ, ՀՀ նախագահի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած էր բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ: Նա նշած է, որ պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ կատարուած բոլոր փոփոխութիւնները արժանացած են ՀՀ նախագահի հաւանութեան եւ այդ տեսքով ալ նախագիծը ներկայացուած է Ազգային ժողովի քուէարկութեան:

Scroll Up