«Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Սփիւռքի նախարարութիւն

Հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան աւագ սպարապետ Սթիւըն Քրաճեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին աւագ փոխսպարապետ Յունան Արշակեան, արարողապետ Գրեգորի Պապիկեան, Արմէն Կոստանեան, գլխաւոր ժամապահ Հերի Կիւզելիմեան, Նիւ Եորքի Մամիկոնեան օթեակի սպարապետ Տիգրան Սահակեան, նախկին տիրուհի Եւա Մեծօրեան, նախկին սպարապետ Ճաք Մեծօրեան, «Դստերք Վարդանանց» կազմակերպութեան նախկին տիրուհի, Սան Տիեկոյի Դալար օթեակի նախկին կարգապետուհի Անահիտ Անտոնեան:

Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կրթական, մշակութային համատեղ ծրագիրներու իրականացումը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Սփիւռքում հայկական համայնքը հայ պահելու համար մենք պէտք է օգնենք պահպանել լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, ընտանիքը: Մենք ծրագրեր ենք մշակում, որպէսզի Սփիւռքը աւելի մօտենայ Հայաստանին, Հայաստանն էլ` Սփիւռքին Շատ կարեւոր է սփիւռքի համախմբումը եւ մէկտեղումը, միասնականութեան զօրացումը»:

Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն աջակցութեան, համատեղ իրականացուող ծրագիրներու շրջանակները: «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1916թ., իսկ «Վարդանանց դուստրեր»-ը` 1933թ., գրասենեակներ ունի ԱՄՆ-ի, Գանատայի մէջ:

 

Scroll Up