Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Պաշտօնական Բացում (լուսանկարներ)

Տարիներէ եկած գեղեցիկ աւանդոյթ է Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս տարեշրջանի բացումը կատարել պաշտօնական հանդիսութեամբ մը: Սոյն տարեշրջանի բացումը նոյնպէս եղաւ յատկանշական:
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր, 2015-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս, տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, ներկայութեամբ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի, Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Ֆատէյ Չարչօղլեանի, Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, ուսուցիներու եւ աշակերտութեան: Բացման արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ խաչքարի բացման համար գաղութս հիւրաբար ժամանած ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր եւ բարերար Գագիկ Ծառուկեանի Մայրը՝ Տիկ. Ռոզա Ծառուկեան եւ քոյրը՝ Տիկ. Նոնա Ծառուկեան:
Վարժարանի շրջափակէն ներս համախմբուած աշակերտութիւնը բարձր ծափողջոյններով, աղ ու հացով դիմաւորեց իր հիւրերը:
Հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ ՀՀ քայլերգով, որ հնչեց վարժարանի աշակերտութեան քաղցր շրթունքներէն: Այնուհետեւ վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչներէն Պրն. Ճորճ Արապաթլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ կարեւորեց Քուէյթի Ազգային Վարժարանին դերը՝ Արաբական անապատներուն մէջ հայ պատանիներուն ազգային կրթութիւն ջամբելու գործին մէջ՝ ի փառս հայ ազգին, հայ եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Յաջորդիւ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղեցիկ ու կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն բացումը կատարեցին երկրորդ կարգի աշակերտները, յաջորդաբար ներկայացնելով «Գիրք» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» բանաստեղծութիւնները եւ «Հայոց Այբուբեն» երգը: Շարունակելով հայրենաշունչ ելոյթները, չորրորդ կարգի աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ ու ոգեւորութեամբ երգեցին «Ողջոյն Ուսուցիչին» եւ «Անուշ Հայրենիք» երգերը: Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» երգով հինգերորդ դասարանի աշակերտները եղբայրական կոչ ուղղեցին բոլորին թէ՝ «Մենք հայ ենք, ե’կ խօսինք հայերէն»: Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտեցաւ Վահան Թէքէեանի «Հայ Լեզու» բանաստեղծութեամբ, զոր արտասանեց ութերորդ կարգի աշակերտներէն՝ Յարութ Գայթանճեան:
Ազգային Վարժարանի տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեան խօսք առնելով, ուրախութեամբ յայտնեց, որ Քուէյթի Ազգային Վարժարանը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, 56-րդ անգամ ըլլալով կը բանայ իր դռները: Անդրադառնալով վարժարանի դերին ու կարեւորութեան, Պրն. Մանուկ ըսաւ. «Ազգային արժէքներու պահպանութեան կողքին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանը ունի նաեւ հայուն տեսակը պահպանելու առաքելութիւն»: Օգտուելով ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր եւ բարերար Գագիկ Ծառուկեանի մօր եւ քրոջ ներկայութենէն, Պրն. Մանուկ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Ծառուկեան ընտանիքին՝ սոյն տարուայ Ապրիլ ամսուն հայրենիքէն ներս վարժարանի առաջնակարգ աշակերտներն ու անոնց ուղեկցող մանկավարժները դիմաւորելու եւ հիւրընկալելու համար:
Իր հերթին Տիկ. Ռոզա Ծառուկեան՝ չկարողանալով զսպել արցունքները, հիացմունքի խօսքեր արտասանեց, շեշտելով, որ Ծառուկեան ընտանիքը միշտ ալ պատրաստ է հայրենիքէն ներս հիւրընկալել Քուէյթի առաջնակարգ աշակերտները, ինչպէս նաեւ աջակցիլ սփիւռքի մէջ ազգային արժէքներու պահպանութեան նախաձեռնութիւններուն: Հարկ է նշել, որ Տիկ. Ծառուկեան Ազգային Վարժարանի աշակերտութեան եւ գրադարանին նուիրեց հայալեզու մեծ թիւով արժէքաւոր գիրքեր, որուն համար արժանացաւ վարժարանի տնօրէնութեան բարձր գնահատանքին: Իր հերթին Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Զաւէն Թոքմագճեան Տիկ. Ծառուկեանին նուիրեց Ք.Ա.Վարժարանի յիսնամեակի յոբելեանին առթիւ լոյս տեսած «Ոսկեմատեան»ը:
Աւարտին հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ Զօպույեան: Վեր առնելով Ծառուկեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը, Ան յիշեցուց ներկաներուն, որ օրեր առաջ Պրն. Ծառուկեանի բարերարութեամբ եւ իր մօր՝ Տիկ. Ռոզա Ծառուկեանի ձեռամբ, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի խաչքարը, որ Գերպ. Հայր Սուրբի բնորոշմամբ՝ «Պիտի ըլլայ հայրենիքին հետ կապող կամուրջ մը»: Ան, օրհնելով Վարժարանի աշակերտութիւնը, անձնակազմն ու Ծառուկեան ընտանիքը, բարի եւ օրհնեալ տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

13Քուվեյթ Քուվեյթ1Քուվեյթ2 Քուվեյթ3Քուվեյթ4 Քուվեյթ5Քուվեյթ6 Քուվեյթ7Քուվեյթ8 Քուվեյթ9Քուվեյթ10 Քուվեյթ11Քուվեյթ12 Քուվեյթ14

Scroll Up