Հանգստեան Օրերուն Նկատուած է Հրադադարի Խախտման Դէպքերու Նուազում

Հանգստեան օրերուն նկատուած է հրադադարի խախտման դէպքերու նուազում: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ` վերոնշեալ ժամանակահատուածին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 150 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 /19 արկ/, 82 /1 արկ/ եւ 120 /1 արկ/ մմ-ոց ականանետերէ ու  հան-17 /17 արկ/ տիպի նռնականետէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 1500 կրակոց:

 ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

Scroll Up