Կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/1.jpg)
Հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը եւ նախարարութեան քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, պետական, հասարակական, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:
Առաւօտեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ծաղիկներ դրած հայ ազատամարտիկներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յուշակոթողներուն:
Հանդիսութեան բացման օրհնանքի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն` Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ քաղաքացիական ծառայութեան յայտարարուած մրցոյթին յաղթող ճանչցուած եւ սահմանուած փորձաշրջանը անցած 11 քաղծառայողներու երդման արարողութիւնը:
Քաղաքացիական ծառայողներու վկայականները յանձնեց ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան:
ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը շնորհաւորեց բոլոր քաղաքացիական ծառայողները` պաշտօն ստանձնելու եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` 7-ամեայ տարեդարձին առթիւ:
«Իսկապէս այս նախարարութիւնում ջերմ աշխատանքային մթնոլորտ է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները անցան աշխարհի 4 ծագերում ապրող հայերի բացարձակ համախմբուածութեամբ: Եւ դա նախ եւ առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհիւ: Նախարարութիւնը լուրջ գործնական քայլեր է ձեռնարկում արեւմտահայերէնի նահանջը կասեցնելու եւ մեր լեզուի այդ ճիւղին նոր կեանք ու շունչ պարգեւելու գործում, – նշեց Ազգային ժողովի նախագահը` աւելցնելով, – ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերի, յատկապէս «Արի տուն» ծրագրի շնորհիւ Հայրենիք եկած սփիւռքահայ մեր երիտասարդները մայրաքաղաքին նոր կեանք ու հոգի են հաղորդում»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհաւորում եմ բոլոր նորընծայ քաղաքացիական ծառայողներին` պաշտօններ ստանձնելու եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ողջ աշխատակազմին` 7-ամեայ գործունէութեան առթիւ: Մեր ճանապարհը սկսեցինք դժուարութիւններ յաղթահարելով եւ հասկանալով, որ կան բազում մարտահրաւէրներ, որոնցից չպէտք է երկնչել, այլ քրտնաջան աշխատանքով յաղթահարել, դրանք ամէն մի դժուարութիւն: Առանձնապէս շնորհակալ ենք Սփիւռքի համահայկական այն բոլոր կառոյցներին, որոնք վստահեցին մեզ եւ գործակցեցին մեզ հետ»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մտաւորականներուն, մշակոյթի գործիչներուն, որոնք ամէն ջանք ու եռանդ ներդրին` օգնելով գերատեսչութեան կայացման: «Ամենատաղանդաւորներից Տիգրան Մանսուրեանն այսօր այստեղ է եւ մեզ հետ տօնում է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տարեդարձը», – նշեց նախարարը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գերատեսչութիւններուն, որոնք համագործակցած են նախարարութեան հետ եւ հայ դիւանագէտներուն` համայնքներէն ներս իրականացուող աշխատանքներուն համար:
Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան:
Երգահան Տիգրան Մանսուրեան յիշեց Շահան Շահնուրի «Նահանջ առանց երգի» վէպը եւ նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան խնդիրը հայ հեղինակի նշած այդ նահանջը կանգնեցնելն է: «Ուրախ եմ, որ ձեր ծրագրերի շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ պատանիներն ու երիտասարդներն մեծ ոգեւորութեամբ են գալիս Հայաստան: 7-ամեայ ճանապարհը պետական համակարգի համար կարող էր միայն կայացման ճանապարհ լինել, մինչդեռ այսօր մենք տեսնում ենք այդ համակարգի կողմից իրականացուող հայապահպանութեանը միտուած մեծ աշխատանք»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը բարձր գնահատեցին Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայ օգնութեան միութեան վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Յովիկ Եորդեկեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի փոխնախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախագահ Լենա Հալաճեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասին մէջ երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքով հանդէս եկան Անահիտ Սահակեան, Վլատիմիր Ահարոնեան, «Ծաղկազարդ» համոյթը, Ջիւան Սարգսեան: