ՌԱԿի Խօսքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցի Պետական Յանձնաժողովի 6րդ Նիստին
ՌԱԿի Խօսքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցի Պետական Յանձնաժողովի 6րդ Նիստին
Փոխանցեց՝ Ընկեր Մայք Խարապեան
Նորին Վսեմութիւն Պրն. Սերժ Սարգսեան, նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս,
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Սրբազան Հայր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան,
Ամենապատիւ եւ Գեր-երջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի (Կապրոյեան) Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց,
Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզան՝ Նախագահ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի,
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնակատարներ, հոգեւոր հայրեր և սիրելի գործընկերներ:
Գնահատանքի և շնորհաւորանքի խօսք կ՛ուզենք ուղղել Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին և իր աշխատակազմին, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամներուն և տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն, անդամներուն ու բարերարներուն՝ իրենց տարած նուիրեալ, բծախնդիր եւ կազմակերպ աշխատանքներուն ու փայլուն գործունէութեան համար:
Բարձր գնահատելով պետական յանձնաժողովի աշխատանքները, որոնք հայութեան արդար ձայնը լսելի դարձուցին միջազգային բեմերէն եւ ատեաններէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը համոզուած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական այս յանձնաժողովը՝ իր համահայկական տարողութեամբ եւ ազգային միասնականութեան օրինակելի գործունէութեամբ, պէտք է շարունակէ իր գործընթացը նոյն յառաջխաղացքով, իրագործելու համար պահանջուածը, որ լաւագոյնս ձեւակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրին մէջ, ուր կ՛ըսուի՝
Կոչ է անում հայորդիների գալիք սերունդներին` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն`
- առաւել հզօր Հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,
- անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման,
- աշխարհասփիււռ հայութեան գործուն համախմբման,
- համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման:
Ուստի կ՛առաջարկենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական այս յանձնաժողովը՝ ըլլայ մնայուն գործող մարմին մը եւ շարունակէ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ղեկավարութեամբ:
Կոչ կ՛ընենք համայն հայութեան, որ մեկդի դնեն քաղաքական թէ յարանուանական տարբերութիւնները եւ գործեն միասնաբար: Մենք բոլորս ալ հայ ենք, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ ազգ: Հեռու մնանք զիրար մակդիրներով կոչելէ ինչպէս՝ սփիւռքահայ կամ հայաստանցի: Մեր ուժը եւ փրկութիւնը մեր միասնականութեան մէջ է, օտարներէն օգնութիւն չ՛ակնկալենք: Ապաւինինք մեր ուժերուն:
Ամէն կազմակերպութիւն եւ անձ պարտի բերել իր դրական ներդրումը՝ հայ ազգին զօրացման ու բարգաւաճման գործին մէջ: Հետեւաբար սիրենք զիրար, օգնենք զիրար, դադրեցնենք անտեղի եւ ոչ առարկայական քննադատութիւնները:
Համախմբուինք օրուան աշխարհական եւ հոգեւոր ղեկավարութեան շուրջ՝ միասնաբար դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները:
Շնորհակալութիւն: