Սթամպուլի “Լուսաւորիչ” երգչախումբը` Ալ. Աճեմեանի անուան երաժշտական դպրոցէն ներս
“ճանաչողական այց” ծրագրի շրջանակներու մէջ Թուրքիայէն (Սթամպուլ) ժամանած “Լուսաւորիչ” երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, երգահան Մաժակ Թոշիկեանը, երգիչներ Պօղոս Եղիազարը եւ Սահակ Պարթեւ Կարէյեանը այցելած են Մալաթիա-սեբաստիա վարչական շրջանի ալ.Աճեմեանի անուան երաժշտական դպրոց, մասնակցած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին: Այս մասին :Հայերն այսօր”—ը կը տեղեկանայ Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի Ֆէյսպուքեան էջէն:
Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմի կրթութեան, մշակոյթի եւ սպորտի բաժնի պետ Լիանա Դաւթեան շնորհակալութիւն յայտնած է հրաշալի կատարումներու համար եւ իր ելոյթի մէջ կարեւորած Սփիւռք-հայրենիք կապը, ընդգծելով յատկապէս Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետեւողական աշխատանքը` աշխարհով մէկ սփռուած հայկական համայնքներու հետ:
հանդիպման աւարտին Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ղեկավարի կողմէն սփիւռքահայ հիւրերուն յուշանուէրներ յանձնուած են: