Սթամպուլի մէջ մեկնարկած է Այվազովսկիի կտաւներու թուային ցուցահանդէսը

Աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ  կը ցուցադրուի աշխարհահռչակ հայ  ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կտաւներու թուային  ցուցահանդէսը:

Թրքական “Anadolu” պետական լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ` Սթամպուլի մէջ արդէն մեկնարկած է “Այվազովսկիի Սթամպուլ”-ը խորագիրը կրողը ցուցահանդէսը:

ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` ցուցահանդէսի գլխաւոր տնօրէն Բիւլենթ Օզուքանը, բացման արարողութենէն առաջ հարցազրոյց տալով “Anadolu” -ի լրագրողին, տեղեկացուցած է, որ իրենք ձեռք բերած են աշխարհի տարբեր երկիրներու թանգարաններու մէջ եւ ցուցասրահներու մէջ գտնուող  Այվազովսկիի բնօրինակ ստեղծագործութիւններու թուային կրկնօրինակները ցուցադրելու եւ հրապարակելու իրաւունքը:

Ըստ Օզուքանի` սթամպուլեան ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ 3 տարի, այժմ ցուցահանդէսին ներառուած են անուանի նկարիչի 6.000-ի հասնող ստեղծագործութիւններէն միայն  400-ը:

Ցուցահանդէսի տնօրէնը նշած է նաեւ, որ Յովհաննէս Այվազովսկին շուրջ 8 անգամ այցելած է Օսմանեան Կայսրութիւն, հիւրընկալուած ժամանակի օսմանեան կայսրերուն, այդ ընթացքին ան Սթամպուլի շուրջ 200 կտաւ ստեղծած է:

Նշենք, որ Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակի նախաշեմին, որ կը լրանայ 2017 թուականին, նմանատիպ ցուցահանդէսներ նաեւ կը նախատեսուին այլ վարերու մէջ: Ղրիմի Թէոդոսիայի թանգարանի մէջ Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած թուային ցուցահանդէսը կը մեկնարկէ սոյն թուականի Հոկտեմբեր 8-ին, Նիւ Եորքի մէջ` Հոկտեմբեր 15-ին, Երեւանի մէջ` Հոկտեմբեր 24-ին, իսկ  Ս. Պետերպուրկի մէջ ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի արդէն 2016 թ.:

Նշենք  նաեւ, որ թրքական աղբիւրը շրջանցած էր Այվազովսկիի` հայ ըլլալու հանգամանքը` աշխարհահռչակ ծովանկարիչին ներկայացնելով անոր անուան ռուսերէն տառադարձութեամբ` Իւան Այվազովսկի: Մինչդեռ նկարիչը ծնած է Ղրիմի Թէոդոսիա քաղաքի մէջ բնակող հայ առեւտրական Գէորգ Այվազեանի ընտանիքի մէջ: Անոր  ծննդեան մասին տեղի հայկական եկեղեցւոյ ծննդեան եւ մկրտութեան մատեանի մէջ պահպանուած է “Գէորգ Այվազեանի որդի Յովհաննէս” գրառումը:

Scroll Up