Հրատի Հրաբերաններէն Մէկը Գառնի Անուանուած Է

Այս շաբթուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Օդանաւորդային եւ անջրպետային ազգային վարչութիւնը (NASA) յայտարարած է, թէ հողուկ ջուր գտնուած է Հրատ մոլորակին վրայ, եւ յատկանշականօրէն այն հրաբերանը, ուր հեղուկ ջուր յայտնաբերուած է, կը կրէ Հայաստանի Գառնի քաղաքին անունը։ Անուանակոչումը տեղի ունեցած էր այս տարուան Ապրիլ 24ին։

Նշենք, թէ Հայաստանի եւ NASA-ի միջեւ երկարամեայ գործակցութիւն գոյութիւն ունի, եւ 2001ի Յունիսին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700ամեակը նշելու համար, NASA անջրպետային նիւթերու նուիրուած թանգարան մը բացած էր Գառնիի մէջ ու Գառնիի հիմնարկին հետ գործակցութեան համաձայնութիւն կնքած էր։

Աւելցնենք, թէ մեծ թիւով հայեր կ՛աշխատին NASA-ի՝ դէպի Հրատ առաքուող առաքելութեանց վրայ։

Այս մասին կը յանտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up