ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման 7-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին 7 տարիներու ընթացքին հսկայական գործունէութիւն  ծաւալած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման ուղղութեամբ: Նախարարութեան հիմնադրմամբ այդ յարաբերութիւնները, ըստ էութեան, բարձրացան օրինական նոր մակարդակի, դարձան առաւել համակարգուած եւ արդիւնաւէտ:

Նախարարութեան աշխուժ գործունէութեան շնորհիւ Հայաստանը նպատակասլաց ջանքեր կը գործադրէ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, վտանգի մէջ յայտնուած հայ համայնքներուն աջակցելու եւ մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Բաւական է յիշատակել Սփիւռքի նախարարութեան դերակատարութիւնը 2011թ. սկիզբ առած սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստանի մէջ յայտնուած սուրիահայերուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ, որուն արդիւնքով հազարաւոր փախստականներ հաստատուեցան իրենց հայրենի հողի վրայ: Ճգնաժամի աւելի քան չորս տարիներու ընթացքին նախարարութիւնը մշտական կապ պահպանած է Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու հայ համայնքային կառոյցներու հետ` ձգտելով հնարաւորինս աջակցիլ աղէտի մէջ յայտնուած հայութեան:

Մեծ է նաեւ նախարարութեան դերը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպող Սփիւռքի տարածաշրջանային յանձնաժողովներու գործունէութիւնը համակարգելու հարցով:

Պէտք է յատուկ նշել, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը այն եզակի պետական կառոյցներէն է, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ հայկական հանրութեան մտաւոր ներուժի զարգացման խնդիրներուն: Անոր վկայութիւնն է նախարարութեան համագործակցութիւնը տարբեր գիտակրթական հաստատութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ տարբեր մասնագիտութիւններու գծով (քաղաքագիտութիւն, հայագիտութիւն, իրաւագիտութիւն, բժշկութիւն եւ այլն) համահայկական ու միջազգային համաժողովներու կազմակերպումը:

“Նորավանք” ԳԿՀ-ը այն կառոյցներէն է, որ գործուն կերպով համագործակցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ` վերջինիս հիմնադրման սկիզբէն: Բաւական է փաստել, որ նախարարութեան աջակցութեամբ “Նորավանք” ԳԿՀ-ն անցած 7 տարիներու ընթացքին իրականացուցած է Սփիւռքի ներուժի բացայայտման, հայ համայնքներու արդի դրութեան եւ այլ ուղղութիւններով շուրջ 15 հետազօտութիւն, որոնց արդիւնքները հրատարակուած են մենագրութիւններու տեսքով:

Ներկայիս նախարարութեան հետ համատեղ “Նորավանք” ԳԿՀ-ն կը փորձէ իրականացնել “Հայաստան-Սփիւռք համալսարան” նախագիծը, որուն գլխաւոր նպատակներն են Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսանողներու համար միասնական կրթական հարթակի ստեղծումը, հայութեան արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւման ուղիներու վերաբերեալ իրենց հիմնարար գիտելիքներ ու կիրառական հմտութիւններ փոխանցելը:

Սրտանց կը շնորհաւորենք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման տարեդարձը եւ կը մաղթենք յետագայ բեղմնաւոր գործունէութիւն:

“Նորավանք” ԳԿՀ-ն

Scroll Up