Ֆրանսայի նախագահը կոչ ըրած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջադէպեր թոյլ չտալ
Ֆրանսան բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ’ընէ հետեւիլ, որպէսզի հայ-ատրպէյճանական սահմանին որեւէ միջադէպ այլեւս չըլլայ: Այս մասին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամբլէայի մէջ ելոյթէն ետք տուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը` յղում կատարելով Ելիսէյեան պալատի պաշտօնական կայքին, Օլանտը, պատասխանելով Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակողական վերջին դէպքերուն, նշած է, որ Փարիզը պատասխանատւութիւն կը զգայ, քանի որ Ֆրանսան այն կառոյցի համանախագահներէն է, որուն նպատակը այդ հակամարտութեանը լուծում գտնելն է: “Այդ պատճառով մենք կը խնդրենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետեւիլ, որպէսզի սահմանին այլեւս միջադէպեր չ’ըլլան: Եւ մենք ջանքեր կը գործադրենք մեր միջնորդութիւնը շարունակելու համար: Դուք գիտէք, որ վերջերս ես այցելեցի Հայաստան եւ Ատրպէյճան, որպէսզի ըսեմ այս նոյն բանը, որպէսզի մենք կարենանք կայուն լուծում գտնել այս հակամարտութեան”,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: