Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պոսթընի Մէջ

Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society), Պոսթընի Արդի նուագախմբային ծրագիրին (Boston Modern Orchestra Project) պիտի ներկայացնէ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 18-ին, կէսօրէն ետք ժամը 3-ին, Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոցի («New England Conservatory») հանրածանօթ «Ճորտըն Հոլ» սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկին նաեւ պիտի մասնակցին Հարվըրտ-Ռատքլիֆի երաշտանոցն ու Պոսթընի համալսարանի «Մարշ» երգչախումբը: Խմբավարն է Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագիրի մայէսթրօ Ճիլ Ռազ: Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագիրը, յատկապէս արդի երաժշտական գործեր ներկայացնող նուագախումբ մըն է, որ կը գործէ 1996-էն ի վեր:

Սոյն ձեռնարկին պիտի ներկայացուի նաեւ Ալըն Յովհաննէսի համեմատաբար աւելի քիչ ունկդրուած գործերէն «Խրիմեան Հայրիկ»ը: 1944-ին պատրաստուած է այս գործը յատուկ փողի («թրամփե»չ) եւ նուագախումբի համար է: Յայտագիրին մաս կը կազմեն Կոմիտասէն գործեր, եւ Տմիթրի Շոսթաքովիչի դաշնակի առաջին «քոնչերթօ»ն՝ մասնակցութեամբ Նարէ Աղամեանի: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.FACSBoston.org կայքը։

Scroll Up